Համաձայն Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 2019-ի պատրաստութեան ծրագիրին, 17 յունիսին պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու եւ զօրատեսակներու ներգրաւումով սկսած են հրամանատարական ռազմափորձեր:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ համաբանակային կարեւորութեան ռազմափորձերը, որուն մէջ ընդգրկուած են շուրջ 10.000 զինուոր, 200-է աւելի հրետանային համակարգեր, մօտ 150 զրահամեքենայ, 50-է աւելի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, աւելի քան 400 մեքենայ եւ այլ շարժակազմեր, պիտի շարունակուին մինչեւ 20 յունիս:
Հրամանատարական ռազմափորձերու ընթացքին հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ գիշերային պայմաններու մէջ զօրքերու գործնական խնդիրներու կատարման վրայ, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի մշակել մարտավարութեան նոր դրուագներ:
Ռազմափորձերու ընթացքին պիտի փորձուին բարձր արհեստագիտութեամբ համալրուած հետախուզական եւ կառավարման համակարգեր, զինատեսակներու նոր նմուշներ:



