Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահի Թեկնածուներ Նեցուկ Կը Կանգնին Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Յունիս 7, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած վեց ծերակուտականներէն երեքը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան չորս քոնկրեսականներէն երեքը համահովանաւորներ դարձած են յաջորդաբար Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւերուն:

Արդարեւ, դեմոկրատական ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզ այս շաբաթ որոշեց միանալ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւը հովանաւորողներուն:

Նախապէս, դեմոկրատական ծերակուտականներ եւ նախագահի թեկնածուներ Էլիզապեթ Ուորըն եւ Քամալա Հերիս եւս որոշած էին հովանաւորել այս բանաձեւը:

Նշենք, որ բանաձեւը ներկայացուած էր Նիւ Ճըրզիէն Պապ Մենենտեզի եւ Թեքսասէն Թետ Քրուզի կողմէ, անիկա ցարդ ունի 18 հովանաւորներ:

Ներկայացուցիչներու տունէն նախագահի թեկնածուներ Թուլսի Կապարտ, Սեթ Մուլթըն եւ Թիմ Ռայըն կը զօրակցին Ցեղասպանութեան բանաձեւին:

Թիւ 296 բանաձեւը ներկայացուած էր Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ու ցարդ ունի 102 հովանաւորներ:

2020-ի նախագահական ընտրութեանց այլ թեկնածու մը` Ինտիանայի քաղաքապետ Փիթ Պիւթիճիչ, 3 յունիսին Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին նոյնպէս կոչ ըրած էր «իրականութիւնը ճանչնալու», ի պատասխան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին լրագրողի մը հարցումին: Ան աւելցուցած էր, որ պէտք է ուշադրութեամբ ուսումնասիրել պատմութիւնը` մարդկային իրաւունքները յարգող քաղաքականութիւն որդեգրելու համար:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Եռակողմ Հանդիպում

Յաջորդը

Փաշինեան Ռուսիա Այցելեց. Փութին. «Ռուսիան Հայաստանի Յառաջատար Առեւտրական-Տնտեսական Գործընկերն Է»

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?