Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏԻՆ

December 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թմրեցուցիչներու գործածութեան դէմ պայքարին վերաբերող նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի հերթական նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ:

Նիստէն ետք առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին մշակուած են թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ պայքարի հիմնական քայլերը` հիմնուելով Թմրեցուցիչի դէմ պայքարի ազգային խորհուրդին օրէնքներուն վրայ:

Խալիլ յայտնեց, որ ծրագիրին մէջ նշուած է, որ այդ աշխատանքին գործնականացման համար յանձնախումբը պէտք է ընդգրկէ իւրաքանչիւր նախարարութենէ ներկայացուցիչ մը, որպէսզի յանձնախումբը գործնական կերպով անցնի աշխատանքի:

Իր կարգին, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ անհրաժեշտ է գործադրել թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ պայքարը, որովհետեւ անոր վտանգները բոլոր լիբանանցիներուն կը սպառնան:

Տաուք ըսաւ, որ թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ պայքարը ոչ միայն դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ պիտի կիրարկուի, այլեւ` տեղեկատուութեան միջոցներուն ընդմէջէն:

Վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ յուլիսեան պատերազմէն տուժող քաղաքացիներու հատուցումներուն վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, Գաղթականներու հատուցման սնտուկի նախագահ Ֆատի Արամունի, գաղթականներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Մահմուտ եւ Հարաւային Լիբանանի խորհուրդի նախագահ Քապալան Քապալան:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ յուլիսեան պատերազմէն բոլոր տուժածներուն հատուցումները կատարել:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի հետ: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի եւ հարաւային Քորէայի դեսպանները, որոնք Միքաթիի հետ քննարկեցին տեղական եւ շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախորդը

ՔԱՆԱԱՆ ԵՒ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.