Եգիպտոսի իշխող Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի բանբեր Ատել Ամարա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն` յայտնելով, որ ներկայիս «անկիւնադարձային հանգրուան է, հայրենիքը վտանգուած է եւ մենք պէտք է մեր կեցուածքները վերատեսութեան ենթարկենք»` նշելով, որ «զինուորները դիտաւորեալ գրգռութեան կ՛ենթարկուին եւ անոնք ցուցարարներուն կողմէ բազմաթիւ գրգռութիւններու ու անարգանքներու համբերեցին»:
Ամարա նշեց, որ վերջին դէպքերը ապահովութիւնն ու պետութիւնը հարուածելու լաւապէս սերտուած ծրագիր մը մաս կը կազմեն, «իսկ մենք յանձնառու կը մնանք քաղաքայիններու դէմ բռնի ուժ չկիրարկելուն»: Ան յայտնեց, որ անմեղ ցուցարարներու կողքին գոյութիւն ունին խափանարարներ, որոնք հրավար նիւթեր կ՛օգտագործեն:
«Հայրենիքը քանդողը «25 մայիս»-ի մաքուր երիտասարդներէն չի կրնար ըլլալ: Հայրենիքը քանդողը ըմբոստ երիտասարդներէն չի կրնար ըլլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «հակառակ բոլոր գրգռութիւններուն, բանակը առաւելագոյն աստիճանի ինքնազսպում ցուցաբերեց»:
Բանբերը նշեց, որ «ցուցարարները ուզեցին խորհրդարանի, ներքին գործոց նախարարութեան եւ կառավարութեան շէնքերը հրկիզել»` աւելցնելով, որ «խափանարարութեան ընթացք մը գոյութիւն ունի, եւ եթէ բանակը ուժ կիրարկէր, արդիւնքները աղէտալի պիտի ըլլային»:
Ան մամլոյ ասուլիսը փակեց յայտնելով, որ «մեր հրամանները յստակ էին, եւ մեզի արգիլուեցաւ մինչեւ իսկ ծխացող ռումբեր օգտագործել»: Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի բանբերը ցաւ յայտնեց սպաննուող իւրաքանչիւր եգիպտացիի համար` «նոյնիսկ եթէ ան խուլիկան է»:


