Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 8, 2019
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակն Ու Ֆէոտորոֆ Նանսենի Թանգարանը Նշեցին Լեւոն Շանթի 150-ամեակը

3 մայիս 2019-ին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակն ու Ֆէոտորոֆ Նանսենի թանգարանը նշեցին Լեւոն Շանթի 150-ամեակը:

Մտաւորականներու, գրականասէրներու շարքին, ձեռնարկին ներկայ էին Երեւանի Լ. Շանթի անուան եւ Գեղարքունիքի Գետիկ գիւղի դպրոցի աշակերտները:

Ֆ. Նանսենի թանգարանի աւադնապահ Անահիտ Վարդանեանը խօսեցաւ Լեւոն Շանթի գրական աւանդին, մանաւա՛նդ «Հին աստուածներ»-ուն մասին:

Համազգայինի խորհուրդի նախագահ, Կ. վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը հակիրճ խօսքով անդրադարձաւ Լեւոն Շանթի կերպարին եւ նշեց, որ շուտով Համազգայինը ընթերցողին պիտի հրամցնէ մեծ հայուն նուիրուած հրատարակութիւն մը:

Հրապարակախօս, գրագէտ, ֆրանսահայ «Կամք» թերթի խմբագիր Յակոբ Պալեանը, ի՛նքն ալ մանկավարժ, կեդրոնացաւ Լ.Շանթի մանկավարժական գործունէութեան վրայ: Ան նաեւ խօսեցաւ Շանթի մէկ այլ կարեւոր ստեղծագործութեան` «Շղթայուած»-ին այժմէականութեան մասին: Աշակերտները յորդորեց, որ ամէն գնով կառչած մնան հայրենիքին, չհեռանան հողէն ու ոգիէն:

Խօսքի առիթ տրուեցաւ նաեւ ներկաներուն:

Աւարտին, դպրոցականները նուէր ստացան Համազգայինի եւ Ֆ. Նանսենի թանգարանին հրատարակած գիրքերը:

Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա Նահանգին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Արխիւային Փաստաթուղթերը Յանձնուեցան Ցեղասպանութեան Թանգարանին

Վերջերս «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արխիւային փաստաթուղթերու յանձնման արարողութիւն:

Ամերիկաբնակ Յարութիւն Աղասարգիսեանը եւ քոյրը` Վարդուհին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեցին Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արխիւային փաստաթուղթեր:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը ողջունեց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուութեան համար. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստաթուղթերու լիարժէք հաւաքածոյ ունենալու պարագային կը կազմակերպենք ժամանակաւոր ցուցադրութիւն: Ասիկա կարեւոր է բոլորիս համար, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան պատմութեան մէկ մասն է»:

Երեւանի պետական համալսարանի  հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ Արտակ Մովսիսեանի ջանքերուն շնորհիւ  այս փաստաթուղթերը հասած էին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Վերջինս նշած էր, որ` «Թող այս ընտանիքին օրինակը վարակիչ ըլլայ, նմանօրինակ փաստաթուղթերու տեղը մայր հայրենիքն է: Շատ կարեւոր է տեղացի հետազօտողներուն ձեռքին տակ ունենալ ուսումնասիրութեան նիւթ»:

Իրենց ընտանիքին անցած ճանապարհն ու Ճորճիա նահանգին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը ներկայացուցին քոյր եւ եղբայր Աղասարգիսեանները: Անոնք խոստացան, որ հետեւողական աշխատանք պիտի տանին, որպէսզի միւս նահանգներէն ալ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան ուղարկուին ճանաչման հետ առնչուող արխիւային փաստաթուղթեր:

Համագործակցութեան Յուշագիր` Արցախի Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Միջեւ

Վերջերս Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւ Երեւանի պետական համալսարանը ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը:

Հաղորդենք, որ այս յուշագիրը ստորագրուած է կողմերու համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու նպատակով` հիմք ընդունելով մշակութային քաղաքականութեան եւ մշակոյթի մասին բազմաբնոյթ գիտելիքներու փոխանակման անհրաժեշտութիւնը:

Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ, պատմաբան, հնագէտ Համլեթ Պետրոսեանը իր խօսքին մէջ ըսած է, որ կողմերուն առաջնային հարցը մշակութային քաղաքականութեան հիմնական հարցերուն ուսումնասիրումն է եւ հեռանկարային ծրագրի մշակումը:

«Արցախը ուշագրաւ կը դառնայ իր մշակութային աշխուժութեամբ, բայց ժամանակակից գիտելիքի, ձեւաբանութեան, տեսլականի պակասը կայ: Մենք կ՛ուզենք կազմակերպել դասախօսութիւններու շարք, որուն շրջանակներուն մէջ Հայաստանի լաւագոյն մասնագէտները հանդէս գան դասախօսութիւններով», ըսած է Հ. Պետրոսեանը:

Մշակութաբանին խօսքով, Արցախի մէջ մարդիկ կարիքը ունին մշակութային ինքնադրսեւորման.  «Որեւէ հասարակութեան մէջ մարդու բաւարարուածութիւնը նախ եւ առաջ կը չափուի մշակութային սեփական ներուժի ցուցադրման եւ կիրարկման աստիճանով, եւ ոչ թէ` մշակութային արժէքներու սպառման աստիճանով:  Այդ իսկ պատճառով մենք ձեռնամուխ պիտի ըլլանք ապահովելու արցախցիներու մշակութային իրաւունքը», ընդգծած է Հ. Պետրոսեանը:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Հանդէս Պիտի Գայ Հետաքրքրական Նախաձեռնութիւններով

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը տարուան ընթացքին կը նախատեսէ իրականացնել` միջազգային գիտաժողովներ, հրատարակել ցեղասպանագիտական հանդէսներ, իրականացնել մեթոտական սեմինարներ եւ ժամանակաւոր ու հիմնական ցուցադրութիւններ:

Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեանը:

«Նպատակս է կարգաւորել թանգարան-հիմնարկի աշխատանքները եւ անոնց նոր լիցք հաղորդել: Իմ պաշտօնավարման կարճ ժամանակահատուածին ընթացքին թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած են մասնաւորապէս կառուցուածքային փոփոխութիւններ. յստակացած են բաժիններու գործառոյթները, ձեւաւորուած են նոր բաժիններ: Այսօր թանգարանին մէջ կան երեք գիտահետազօտական բաժիններ` յուշագրութիւններու, վաւերագիրի եւ մամուլի ուսումնասիրութեան, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու փաստագրման եւ տուեալներու հաւաքագրման եւ համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժին», յայտնեց Մարութեանը:

Անդրադառնալով գիտահետազօտական աշխատանքներուն` Մարութեանը ըսաւ, որ կազմուած է նոր գիտահետազօտական խորհուրդ: Առաւել քան մէկ տարի գիտական խորհուրդը չէ գործած, սակայն հիմա արդէն իսկ գումարուած են երկու նիստեր:

Խօսելով հանդէսներուն մասին` տնօրէնը յիշեցուց, որ ցեղասպանագիտական հանդէս-պարբերականը, որ կը հրատարակուի տարին երկու անգամ, 2018-ին լոյս չէր տեսած: «Մենք մէկ ելեկտրոնային տարբերակ հրատարակեցինք նախորդ տարուան վերջաւորութեան, իսկ թղթային տարբերակը` քանի մը շաբաթ առաջ: Այս տարի եւս  ցեղասպանագիտական երկու հանդէս պիտի հրատարակենք, մէկը` անգլերէն: Այդ ամսագիրները համապատասխանեցուցած ենք միջազգային չափանիշներուն», շեշտեց ան:

Թանգարանը կը նախատեսէ տարուան ընթացքին իրականացնել առնուազն մէկ միջազգային գիտաժողով: Այս տարուան նոյեմբերին պիտի կազմակերպուի «Հայոց փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. 1915-23 թուականներ» միջազգային գիտաժողովը:

Յաջորդ տարի պիտի իրականացուի միջազգային գիտաժողով Քանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանին եւ լեհական Փիլեկի ուսումնարանին հետ համագործակցութեամբ:

Յարութիւն Մարութեանը կարեւոր համարեց գիտական ցուցադրական աշխատանքները եւ նշեց, որ  նախորդ տարի տեղի ունեցած են հինգ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ: «Պիտի պատրաստենք մշտապէս գործող փոքր պատկերասրահ մը, ուր պիտի ցուցադրենք ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ժանսեմի գործերը, զորս ան նուիրած է թանգարանին», յայտնեց տնօրէնը:

Ան տեղեկացուց, որ նպատակ ունին թանգարանին մէջ նոր ուղղութիւն` օսմանագիտութիւն բերելու: «Գաղտնիք չէ, որ Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն մեծ մասը օսմաներէն է: Հայաստանի մէջ կան շատ քիչ մասնագէտներ, որոնք կը կարդան ձեռագիր օսմաներէն: Մենք պիտի փորձենք մասնագէտներու միջոցով հասկնալ արխիւային նիւթերուն շրջանակը, ապա` ձեռնամուխ ըլլալ անոնց թարգմանութեան ու հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացնելու», եզրափակեց Յարութիւն Մարութեանը:

Տիգրան Մանսուրեան Նոր Երաժշտութիւն Մը Կը Նուիրէ Երեւանին

Երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան Երեւանին նուիրուած նոր գործ մը յօրինած է «Երեւան» պատանեկան նուագախումբին համար:

Մանսուրեան յայտնեց, որ «Երեւան» երգին երաժշտութիւնը գրած է` միտքին մէջ ունենալով մանուկներուն զրնգուն ձայները, որոնք կը հնչեն բնութեան մէջ:

Նշենք, որ երգին բառերուն հեղինակը գրող Կարէն Անտաշեանն է:

Տեղեկացնենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանի պատանեկան նուագախումբին մաս կը կազմեն մայրաքաղաքի երաժշտական եւ արուեստի 25 դպրոցներու 8-16 տարեկան 120 սաներ: Մեծ է նաեւ երգչախումբը`  300 պատանի կատարող:

«Փոքրիկները մասնագէտներ են ու գիտեն իրենց աշխատանքին ամբողջ էութիւնը: Պէտք է աշխատինք, կատարելագործենք, գեղարուեստական մարմին տանք: Երբ կը լսէի, գիտէի եւ կը զգայի, որ ճիշդ է, այսպէս պէտք է հնչէ երգը` առանց աւելորդ յուզականութեան, մաքուր ապրում», ըսած է Տիգրան Մանսուրեան` նուագախումբին կատարումը լսելէ ետք:

Հայաստան 19 Կէտով Բարելաւած Է Մամլոյ Ազատութեան Իր Վարկանիշը

Հայաստան, 2018-ի արդիւնքներուն տուեալներով, մամլոյ ազատութեան ոլորտին մէջ աննախադէպ յառաջընթաց արձանագրած է` 19 կէտով բարելաւելով իր վարկանիշը եւ  գրաւելով 61-րդ հորիզոնականը: Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Վարկանշային ինտեքսը կը կազմէ «Լրագրողներ առանց սահմանի» միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը:

Ըստ էութեան, միջազգային այս արձանագրումը լաւագոյն ապացոյցն է, որ Հայաստանի մէջ մամուլը երբեք աւելի ազատ չէ եղած, քան` այսօր:

Մենք ի հարկէ կը դիտարկենք կազմակերպութեան բարձրացուցած հարցերը, մտահոգութիւնները եւ առաջարկները, եւ կասկած չկայ, որ մամուլի ազատութեան առումով, ինչպէս` միւս ոլորտներուն մէջ, Հայաստանը պիտի շարունակէ իր յառաջընթացը», գրած է վարչապետը:

Հայկական 50 Հազար Թղթադրամը Ճանչցուած Է Աշխարհի Ամենագեղեցիկներէն Մէկը

Հայկական 50 հազար դրամ թղթադրամը յայտնուած է 2018-ի աշխարհի ամենագեղեցիկ թղթադրամներու ցուցակին մէջ` ըստ Միջազգային թղթադրամային միութեան:

Յայտնենք, որ 2018-ի նոյեմբերին հրապարակուած թղթադրամին վրայ պատկերուած է Արարատը, Խոր Վիրապի վանքը եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը:

Ներկայացուած անուանակարգին մէջ 15 տարբեր թղթադրամներէն «Bank Note of the Year Award 2018»-ին յաղթած է քանատական 10  տոլար թղթադրամը: Անուանակարգին մէջ ներկայացուած էին նաեւ ռուսական 100 ռուբլին, Սողոմոնեան կղզիներու 40 տոլարնոցը, Արժանթինի 50 փեսոն, զուիցերիական 200 ֆրանքը, նորվեկիական 500 քրոնը:

«Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ը Հաստատած Է, Որ Հայաստանի Մէջ Ուտեստները Կը Պատրաստուին Ո՛չ Միայն Երեւակայութեամբ, Այլեւ Հոգիով

Ըստ «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք» ամսագիրի ռուսական տարբերակին մէջ հրապարակուած յօդուածին, որուն մէջ անդրադարձած են հայկական խոհանոցին եւ խօսած` հայկական աւանդական ուտելիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուած է հայերը բնորոշող 9 ճաշատեսակ:

Յօդուածին մէջ գրուած է. «Հայկական խոհանոցը միայն խորովածն ու լաւաշը չեն կազմեր: Կան բազմաթիւ ուտեստներ, որոնց մասին, հաւանաբար, եթէ Հայաստան չէք գտնուած, երբեք չէք լսած: Հայաստանի մէջ ուտեստները ո՛չ միայն երեւակայութեամբ կը պատրաստուին, այլեւ` հոգիով: Երեւանի եւ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ` գրեթէ բոլոր ճաշարաններուն մէջ կարելի է գտնել աւելուկ, աւանդական խաշ, ապուխտով հաւկիթ, տոլմա, ղափամա, ժենկեալով հաց, գաթայ, հարիսայ, քեալա…» Ահա այս 9 ուտեստներուն մասին կը գրէ յօդուածագիրը եւ հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ անոնց պատրաստման եղանակները: Պարբերականը խորհուրդ կու տայ Հայաստան այցելել եւ վերոնշեալ ուտեստներուն մասին ո՛չ թէ միայն լսել, այլեւ` զանոնք ճաշակել:

 

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?