4 մայիսին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ղեկավարութեամբ կեդրոնական հրամանատարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն: Խորհրդակցութեան կը մասնակցէր ազրպէյճանական բանակի ամբողջ ղեկավարութիւնը:
Հասանով կոչ ուղղած է ամրապնդելու մարտական ներուժը, ուշադրութիւն դարձնել բոլոր տեսակի զօրքերու մարտական պատրաստուածութեան, առաջնահերթութիւն տալով յատկապէս առաջնագիծին: Նաեւ հրամայած է շատցնել մարտական ռազմափորձերն ու մարզանքները, ուշադրութիւն դարձնել յատկապէս գիշերային ժամերուն մարտական գործողութիւններ վարելուն:
Ցուցմունքներ տրուած են նաեւ բարձր մակարդակի բերելու բանակի արհեստավարժութիւնը, հոգեբանական պատրաստուածութիւնն ու գաղափարական աշխատանքները, կը հաղորդէ oxu.az կայքը:



