Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարի Արժանթին Այցելութեան

May 4, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Արժանթին այցելութիւնը Ազրպէյճանի ուշադրութենէն չէ վրիպած:

Անդրադառնալով այցելութեան` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլայեւա ըսած է, թէ Արցախի պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը «ապօրինի վարչակարգի քարոզչութիւնն է»:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը գրէ, որ ան ընդգծած է, թէ «վարչակարգի» ներկայացուցիչը, որ մասնակցած է Պուենոս Այրեսի համալսարանին մէջ հայ համայնքի կազմակերպած եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին, երկրի պաշտօնատար անձերուն հետ հանդիպումներ չէ ունեցած:

Իրողութեան մէջ 30 ապրիլին Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Արժանթինի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Պուենոս Այրեսի նախկին քաղաքապետ, Արժանթինի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար, իշխող համախմբական կառավարութեան մաս կազմող Ռատիքալներու քաղաքացիական միութիւն կուսակցութեան անդամ Ֆաքունտօ Սուարես Լասթրայի հետ:

Նոյն օրը Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպած է Արժանթինի նախկին արտաքին գործոց նախարար, ազդեցիկ Արդարութեան կուսակցութեան նախագահ, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու ընդհանուր տնտեսական գօտիի խորհուրդի անդամ Խորխէ Թայանայի հետ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթներուն:

 

 

 

Նախորդը

«Ուաշինկթընի Մէջ Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումին Թուականը Տակաւին Ճշդուած Չէ» Կ՛ըսէ Քենթ

Յաջորդը

Լարիսա Ալավերդեան. «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինքի Կնքումը Խելացի Փոխզիջում Է Արցախի Անկախութեան Եւ Իշխանութիւններու Օրինականութեան Ճանաչման Հարցին Մէջ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.