ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի գրասենեակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով անընդունելի նկատեց 25 ապրիլ 2019-ին Պելճիքայի Պատգամաւորներու պալատին քննարկած եւ վաւերացուցած այն օրէնքը, որ այլ հարցերու կողքին քրէական յանցանք կը նկատէ Ռուանտայի ցեղասպանութեան եւ Սրեպրենիցայի ջարդերուն ժխտումը: «Հակառակ պելճիքահայութեան եւ խորհրդարանի շարք մը անդամներու, ինչպէս նաեւ ոլորտի մասնագէտներու ջանքերուն, որդեգրուած բանաձեւը չներառեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քրէական յանցանք նկատուիլը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Պելճիքական խորհրդարանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը օրէնքին մէջ չներառելու որոշումը անընդունելի է եւ խոր յուսախաբութիւն յառաջացնող: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցանք նկատելու եւ այդպիսով շարք մը եւրոպական երկիրներու օրինակին հետեւելու նախադրեալները առկայ էին: Ժխտողականութիւնը հանդուրժելը անպայման կը քաջալերէ բռնատիրական վարչակարգերը, ինչպէս` Էրտողանի վարչակարգը, եւ դժբախտաբար ասիկա կրնայ կանաչ լոյս տալ հակահայկական այլատեացական զգացումներուն», յայտարարեց ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Ան ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը ականջ չտուաւ հասարակական կարծիքին, Պելճիքայի գլխաւոր լրատուամիջոցներուն մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներուն, մարդկային իրաւանց գործիչներուն եւ շարք մը խորհրդարանականներու առաջարկած բարեփոխումներուն:
«Այս բոլորը անշուշտ կը նշանակէ, որ Պելճիքայի հայ համայնքին հետ պիտի ամրապնդենք մեր ջանքերը` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն համար արդարութեան մեր պահանջը գործադրելու համար: Յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք, մտադիր ենք մօտէն աշխատիլ պելճիքական նոր խորհրդարանին հետ եւ հարցը վերստին բերել օրակարգի վրայ», եզրափակեց Կարապետեան:



