Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսէ.
«Այսօր կը միանանք Քանատա գտնուող հայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, ցեղասպանութիւն, որ մարդկութեան պատմութեան մութ շրջանն է եւ պէտք չէ երբեք մոռացութեան մատնուի:
«Թէեւ ատկէ անցած է աւելի քան մէկ դար, սակայն յիշատակը անոնց, որոնք անարդարօրէն կորսնցուցին իրենց կեանքն ու տառապեցան, մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք երբեք պէտք չէ ատելութեան ու բռնութեան պատասխանենք անտարբերութեամբ:
«Այս հանդիսաւոր օրը, յարգանքի տուրք մատուցելով հայ ժողովուրդի ուժին եւ ոգիին, մենք կը նայինք դէպի յառաջ` խաղաղութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ կառուցուած ապագային:
«Քանատայի կառավարութիւնը յարգանքի տուրք կը մատուցէ այս ողբերգութեան զոհերուն եւ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` ձգտելու դէպի այն աշխարհը, ուր ոչ ոք, անկախ հաւատքէն եւ ազգային պատկանելիութենէն, խտրականութեան կամ հետապնդումներու ենթարկուելէ պիտի չվախնայ»: