Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, Տումայի անդամ Վլատիմիր Ժիրինովսքի Մոսկուայի մէջ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարած է, թէ հայ ժողովուրդը սարսափելի յանցագործութեան զոհ դարձած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռուսարմինֆօ»-ն:
«Այսօր ամէնուր կը խնդրեն պահպանել մարդու իրաւունքները, սակայն հայերուն թոյլ չեն տար վերադառնալ հայրենիք, չեն վերադարձներ Արարատ լեռը, որ սուրբ է հայ ժողովուրդին համար: Անիկա Թուրքիոյ պէտք չէ, սակայն այնտեղ կը հասկնան ատոր արժէքը եւ չեն վերադարձներ: «Եւ ատիկա նոյնպէս յանցագործութիւն է, որուն հետ կարելի չէ հաշտուիլ եւ կարելի չէ մոռնալ, ըսած է Վ. Ժիրինովսքի