Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտալլա Ռապիյա Ժամանեց Լիբանան

April 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ յետմիջօրէին եռօրեայ այցելութեամբ մը Լիբանան ժամանեց Սէուտական Արաբիոյ արքունիքի խորհրդատուներէն, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի գրասենեակի մարդասիրական աշխատանքներու պատասխանատու Ապտալլա Ռապիյան:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Ռապիյան, որ յայտնեց, թէ բոլորին համար յստակ է, թէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են, եւ մեր նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդել:

Ռապիյա շեշտեց, թէ լիբանանցի ոեւէ պատասխանատու, որ պատրաստ է զինք ընդունելու, ինք հարց չունի անոր հետ հանդիպելու` աւելցնելով, որ ինք քաջ գիտէ, որ երկիրը տօնական օրերու մէջ կը գտնուի:

Ռապիյա այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Հանդիպումէն ետք ան շեշտեց, որ Ռիատ լաւատես է Լիբանանի ապագային նկատմամբ` ընդգծելով, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան ու անոր բարգաւաճումին:

Ռապիյա այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին եւ շրջանային իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ռապիյա յայտնեց, որ Հարիրիին փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի ողջոյնները:

Ան շեշտեց, որ ինք գործուղուած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կողմէ եւ Լիբանանի մէջ մարդասիրական աշխատանքներ պիտի կատարէ բոլոր մարզերուն մէջ:

Երեկոյեան Ռապիյա այցելեց Պքերքէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռապիյա շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովութեան, կայունութեան եւ արաբականութեան:

Ռապիյա այսօր պիտի այցելէ Պեքաա, ուր պիտի կատարէ աշխատանքային այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի կատարէ կարգ մը ծրագիրներու հիմնարկէքը:

Նախորդը

Սրի Լանքայի Մէջ Ականահարումներու Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ

Յաջորդը

Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Սրի Լանքայի Պայթումները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.