Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լաւրով Պիտի Նախապատրաստէ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը» Կ՛ըսէ Թարասով

April 15, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց, որ 15 ապրիլին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ անոր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս մասին «Ռեկնում»-ի մէջ կը գրէ քաղաքագէտ Սթանիսլաւ Թարասով:

«Հարց կը յառաջանայ այդ հանդիպումին մէջ Լաւրովի դերին վերաբերեալ, չէ որ մէկ բան է` մասնակցիլ տագնապի որոշ լուծումներու վերաբերեալ քննարկումներու, այլ բան` հակամարտող կողմերուն օգնել մշակել հասարակաց հասկացողական հարթակ, ինչ որ չի համապատասխաներ այդ հոլովոյթին մէջ ռուսական ներկայացուցչութեան մակարդակին», կը գրէ ան:

«Մեզի աւելի իրատեսական կը թուի հետեւեալ բեմագրութիւնը` Լաւրով պիտի նախապատրաստէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ: Նախադրեալները ակնյայտ են` Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումէն ետք ռուս ղեկավարը հեռախօսով զրուցած է երկուքին հետ եւ աջակցած բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման», կը գրէ Թարասով:

Ան կը նշէ, որ եթէ վերոյիշեալ հանդիպումին ընթացքին յառաջընթաց արձանագրուի, ապա Մոսկուան կրնայ փորձել ընդլայնել մարտավարական գործակցութիւնը այդ «եռանկիւնին մէջ» եւ գործակցութեան ու փոխադարձ յարաբերութիւններու ձեւաչափերը աւելի լայն համարկման ձեւաչափերու ծիրին մէջ` առնչուած դրացի Միջին Արեւելքի մէջ կատարուող բարդ հոլովոյթներու հետ:

 

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համեմատութիւնը Եղաւ Խոցելի` Վերընտրուելու Առիթ Տալով Տիմա Ժամալիին

Յաջորդը

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Այցելած Է Հիւսիսարեւելեան Սահմանագօտի

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.