Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պիտի հանդիպին 15 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ: Այս մասին «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
«Հանդիպումին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի արտաքին գործոց նախարար», նշեց ան: