Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 70 Քոնկրեսական Միացած Է Շիֆի Եւ Պիլիրաքիսի` Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւ Ներկայացնելու Նախաձեռնութեան

Ապրիլ 10, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին ընդառաջ ամերիկացի քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կուս Պիլիրաքիսի նախաձեռնութեան միացած են Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 70 անդամներ` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւ մը, որու նպատակը Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ ամրագրումն է հետեւեալ կէտերուն.

– Հայոց ցեղասպանութեան հերքման մերժում,

– Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ այս յանցանքի պաշտօնական ճանաչում եւ ոգեկոչում,

– Ժամանակակից աշխարհին մէջ նման յանցանքները կանխարգիլելու նպատակով Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի վերաբերեալ ուսուցում կազմակերպելու կարեւորութեան գիտակցում:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է քոնկրեսականներուն երկկուսակցական նախաձեռնութիւնը` կարեւոր նկատելով յատկապէս այն, որ Միացեալ Նահանգներու ապագայ սերունդները պէտք է կրթութեան միջոցով տեղեակ ըլլան հայերուն դէմ կազմակերպուած յանցագործութեան փաստերէն:

Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, խօսելով բանաձեւին մասին, նշած է, թէ աւելի քան 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան կատարած եւ 1,5 միլիոն հայու կեանք խլած ցեղասպանութիւնը «միայն անցեալի փաստ չէ, այլ նաեւ ներկայիս առկայ սպառնալիք»:

«Ատոր հերքումը ո՛չ միայն շարունակական վիրաւորանք է փրկուածներուն համար, այլ նաեւ մէկ այլ ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութեան կրկնութեան վտանգ: Աւելի կարեւոր կը դառնայ Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան` իբրեւ պատմական փաստի ճանաչումը», ըսած է քոնկրեսականը:

Անոր գործընկեր Կուս Պիլիրաքիս իր կարգին նշած է. «Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ պէտք է հերքել, այլ ընդունիլ իբրեւ մարդկութեան համար պատուհաս»:

«Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ քաջութեան նոր էջ պիտի բանայ: Գործող վարչակազմին հաստատ ղեկավարութեամբ ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հերքման դէմ կանգնի», եզրափակած է քոնկրեսականը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Տօնոյեանը «Ահաբեկիչ» Կոչած Է` Զինք Մեղադրելով «Փաշինեանի Դէմ Դաւադրութիւն Կազմակերպելու» Համար

Յաջորդը

Մասիս Մայիլեանը Եւ Անճէյ Քասփրչիքը Քննարկած Են Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Շփման Գիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակը

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?