Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանեան-Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթողին Մասին

Ապրիլ 10, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 9 ապրիլի յետմիջօրէին Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Սարգիս Նաճարեան եւ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան տեղեկութիւններ տուին Ճիւնի-Թրիփոլի մայրուղիին եւ Հարիսայի ճամբու խաչմերուկին վրայ տեղադրուած Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին մասին, որուն բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 12 ապրիլին, կաթողիկէ հայոց պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշի ներկայութեամբ եւ բարերարներ տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճապուրեանի մասնակցութեամբ:

Սարգիս Նաճարեան անդրադարձաւ նման նախաձեռնութեան մը նպատակին` դիտել տալով, որ անիկա նուիրուած է զոյգ առիթներու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշի եւ քաղաքապետական խորհուրդին հետ գործակցութեան փուլերուն, ինչպէս նաեւ քանդակի իրագործման ընթացքին` նշելով, որ, թէեւ նախատեսուած էր զայն աւարտին հասցնել աւելի կանուխ, սակայն տարբեր պատճառներով կարելի չեղաւ 100-ամեակին տեղադրել զայն:

Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ յուշակոթողին մասին, որուն հեղինակը Աղասի Պօղոս Թասլաքեանն է: Անոր հիմնական շինանիւթը մարմարն է, օգտագործուած երկրորդ նիւթը` լիբանանեան քարը, մէկ փոքր մասնիկը` ոսկեջրած պրոնզ, կը գրաւէ շուրջ 15 քառ. մեթր տարածութիւն, գետնէն մինչեւ բարձրագոյն կէտը` քանդակին հասակը 4 մեթր է:

Քանդակը կը բաղկանայ չորս մասերէ` յօրինուածքի եւ իմաստի մէկ ամբողջութեան մէջ. առաջինը` բարձրադիր մասը, կը պատկերէ երիտասարդ տարիքի մարդկային կերպար մը, որ գետնի ապառաժները ճեղքելէն սլացիկ կը բարձրանայ` գլուխէն վեր դիրքով ափերուն մէջ լուսաւորուած ծիլ մը պարզելով: Կերպարը մարմարեայ է: Երկրորդը` ցածրադիր մասը, կը պատկերէ պատանեկան տարիքի մարդկային կերպար մը` վճռական եւ պինդ կեցուածքով: Անոր կեցուածքի պնդութեան յառաջացուցած արգելքին բերումով է, որ հողը կը ճեղքուի դէպի դուրս եւ բարձրադիր մասի կերպարը դուրս կու գայ անոր տակէն. այս եւս մարմարեայ է: Երրորդը յօրինուածքի ստորին մասն է, բարձրադիր մարդկային կերպարի երկու կողմերուն, ճեղքուած ընդերքի ապառաժներն են, որոնք տաշուած են լիբանանեան քարէ, իսկ չորրորդ բաժինը բարձրադիր մարդկային կերպարի ափերուն մէջ գտնուող ծիլն է, որ ոսկեջրած պրոնզէ է:

Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան բացատրեց, որ մարդկային բարձրադիր կերպարը կը խորհրդանշէ Հայ դատի արդարացիութիւնը, հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու վերապրումի որոշումը` յանուն ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութեան, մարդկային ցածրադիր կերպարը կը խորհրդանշէ միջազգային արդարութիւնը, ապառաժները` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ուրացումն ու անարդարութիւնը, իսկ ճեղքուածքը` արդարութեան հաստատման ճամբով զանոնք յաղթահարելու յոյսը: Ոսկեայ ծիլը կը խորհրդանշէ կենաց ծառը, հայութեան վերապրումը, հոգեւոր արժէքներու յարատեւումը. անիկա ունի լիբանանեան մայրիի ձեւը` խորհրդանշելու համար Փիւնիկի երկրին մէջ Եղեռնի սուրբ նահատակներուն ժառանգորդներուն վերապրումը եւ Լիբանանի հանդէպ հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը:

Ընդհանուր առմամբ, քանդակը կը խորհրդանշէ հայ ազգի հաւատքը` մարդկային արդարութեան եւ բարութեան նկատմամբ եւ անոր յոյսը` ատելութեան եւ քանդումի ուժերուն դէմ մարդկութեան տանելիք յաղթանակին, որուն մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յարգումն ու պահպանումը եւ Հայ դատին նկատմամբ արդարութեան իրականացումը: Անիկա կը խորհրդանշէ հայուն ստեղծագործ ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անոր կառչածութիւնը` այս երկրին, իբրեւ մշտանորոգ ապրումի յենարան:

Նախորդը

ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ը Համագործակցութեան Շրջանակներ Կը Ճշդեն

Յաջորդը

Հերի Նաճարեան Նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի Մէջ Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?