Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ը Համագործակցութեան Շրջանակներ Կը Ճշդեն

Ապրիլ 10, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 8 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Տխրունի ուսանողական- երիտասարդական միութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան երկրորդ հանդիպումը:

Հանդիպման սկիզբը միութիւններու ներկայացուցիչները գնահատեցին այն դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուած էր լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ` իբրեւ արդիւնք առաջին հանդիպումին:  Միութիւններու այս երկրորդ հանդիպումը յատկանշուեցաւ իր հարազատութեամբ եւ մտերմիկ մթնոլորտով:

Մասնակիցները խօսեցան համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Անոնք լուսարձակի տակ առին հիմնականին մէջ երկու նիւթեր: Այս փուլին երկու միութիւնները միասնաբար պիտի աշխատին իրագործել երկու գլխաւոր աշխատանքներ: Արծարծուեցաւ 19-րդ, 20-րդ եւ 21-րդ դարերու ազատագրական պայքարը, Հայաստանի անկախացումը, խորհրդայնացումը, վերանկախացումը, գաղութներու կազմաւորումը, Արցախի ազատագրումը եւ հիմնահարցը, ինչպէս նաեւ Հայ դատը հայկական վարժարաններու մէջ աւելի մեծ լուսարձակի տակ դնելու անհրաժեշտութիւնը, որուն հիմամբ որոշուեցաւ հարթակի մը ստեղծման նախագիծը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ մասնագէտներէ եւ մանկավարժներէ` բարեփոխութեան նախաձեռնութիւններ յառաջացնելու վերոնշեալ ծիրին մէջ: Երկրորդ աշխատանքը պիտի ըլլայ պատրաստութիւնը հրատարակութեան մը,  որ պիտի ընդգրկէ զոյգ միութիւններու երիտասարդութեան գրիչով յօդուածներ:

Աւելի քան երկու ժամուան ընթացքին, մասնակիցները առիթը ունեցան քննարկելու վերոյիշեալ զոյգ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ խօսելու, պատմական գետնի վրայ, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի տարած աշխատանքներուն մասին: Այս նիւթերուն կողքին, անոնք նաեւ անդրադարձան լիբանանահայ երիտասարդը յուզող տարբեր հարցերու, երկրին տնտեսական-քաղաքական վիճակին եւ այս առումներով ՏՈԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի աշխատանքներուն: Հանդիպման ընթացքին յատուկ տեղ գտաւ ընկերվարութեան մասին զրոյցը, որուն ընթացքին ընդգծուեցան այն մարտահրաւէրները, որոնք կը խոչընդոտեն ընկերվար գաղափարախօսութեան մակընթացութիւնը քաղաքական աշխարհին մէջ:

Հանդիպումին աւարտին որոշուեցան յառաջիկայ հանդիպումի թուականն ու մինչ այդ կատարուելիք աշխատանքները: Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութիւնն ու Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս հանդիպումի աւարտին եկան այն եզրակացութեան, թէ երկու միութիւնները կը հաւատան, որ հերթական այս հանդիպումները, անոնց ընդմէջէն բխած առաջարկները եւ ըստ անոնց նախաձեռնուած աշխատանքները պիտի օժանդակեն գաղութի ուժեղացման նպաստող եւ լիբանանահայ երիտասարդութեան համերաշխութիւնը երաշխաւորող աշխատանքին:

 

Նախորդը

Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանեան-Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթողին Մասին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?