Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ երեքշաբթի, 26 մարտէն սկսեալ Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ընդհանուր ծրագիրին մաս կազմող Հայ ուսանողի ֆոնտը կը շարունակէ կատարել իր յատկացումները, հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ յաճախող ուսանողներու:
Անցնող շաբթուան ընթացքին Հայ ուսանողի ֆոնտի երկրորդ փուլով կատարուեցաւ 84 ուսանողի յատկացում:
Ապրիլ ամսուան երկրորդ կիսուն, իբրեւ երրորդ փուլ, մնացեալ դիմորդներուն հետ կապ կը հաստատուի ներկայանալու Երեսփոխանական գրասենեակ եւ ստանալու ֆոնտէն իրենց բաժինին ինկած յատկացումները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
4 ապրիլ 2019