Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց «Սօս Սարգսեան»-ի Անուան Պետական Թատրոնի Տնօրէն Արման Նաւասարդեանի Եւ Գեղարուեստական Ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանի Հետ

Ապրիլ 5, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակի եւ թատրոնի միջազգային օրուան առիթով «Սօս Սարգսեան»-ի անուան Համազգային պետական թատրոնը  5-6-7 ապրիլին հերթաբար կը  ներկայացնէ «Յաղթանակի ծննդոց», «Թռիչք քաղաքի վրայով», «Թատերական համերգ» թատերախաղերը, իսկ 4 ապրիլին արդէն ներկայացուց «Արի երազենք»-ը:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգային «Սօս Սարգսեան»-ի անուան պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեանի եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանի հետ` մօտէն ծանօթանալու իրենց ծրագիրներուն, տարած աշխատանքին, Հայաստանի մէջ թատերական եւ մշակութային կեանքին:

«ԱԶԴԱԿ».- Կրկին Լիբանան կը գտնուիք` այս անգամ «Սօս Սարգսեան»-ի անուան պետական թատրոնին հետ: Հետաքրքրական երեւոյթ է Հայաստանի Համազգայինի եւ աշխարհասփիւռ Համազգայինի կառոյցներուն միջեւ այս գործակցութիւնը: Ինչպէ՞ս կը դիտէք այս մէկը:

ԱՐՄԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ.- Համազգային թատրոնը սերտօրէն եւ եղբայրաբար կապուած է Համազգայինի մեծ ընտանիքին, ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Ամերիկայի, Քանատայի եւ այլ երկիրներու Համազգայինի կառոյցներուն հետ: Որոշ ժամանակով այդ կապը անջատուած էր մեր միջեւ եւ, շնորհիւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, վերականգնեցաւ անիկա: Մենք ամիս մը առաջ Լիբանան էինք մասնակցելու Համազգայինի 90-ամեակի հանդիսութեան, իսկ հիմա նորէն հոս ենք եւ կը նուիրենք մեր թատերախաղերը Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակին: Յոյս ունինք, որ այս տարի մենք կ՛ունենանք շատ հիւրախաղեր, որոնք բոլորն ալ պիտի նուիրուին Սօս Սարգսեանի 90-ամեակին: Համազգայինը մեծ ընտանիք է, որուն մէկ բաղկացուցիչը մենք ենք, իբրեւ Համազգային թատրոն: Մեզի համար մեծ պատիւ  եւ բախտաւորութիւն է ըլլալ այդ ընտանիքի մէկ մասնիկը: Յոյս ունինք, որ ամէն բան մեր ծրագրածին եւ ուզածին պէս կ՛ընթանայ:

«Ա.».- Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս մշակութային կեանքին առնչուող որոշ վերիվայրումներ արձանագրուեցան, նաեւ` «Սօս Սարգսեան»-ի անուան պետական թատրոնին վերաբերող: Ի՞նչ հիմնական հարցեր ծագեցան եւ անոնք ինչպիսի՞ լուծում ստացան:

Ա. Ն.- Էական որեւէ հանգուցալուծման չենք եկած այդ հարցով: Ըսեմ որ կար ապատեղեկացուածութիւն մեր թատրոնի գործունէութեան, ծաւալած աշխատանքի, դիրքի եւ նշանակութեան մասին թէ՛ Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ, նաեւ Հայաստանէն դուրս: Ուստի այն պատճառաբանութիւնները, թէ մենք շէնքի հարց ունինք, եւ ճիշդ կ՛ըլլայ միաւորել զայն թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական համալսարանին մէջ եւ այսպիսով լուծել մեր շէնքի հարցը յօդս ցնդեցան, որովհետեւ մենք ունինք տարածք, ուր կը կառուցուի մեր նոր շէնքը, իսկ  կառուցողը անհատ է եւ ոչ պետութիւնը: Վերջերս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ գտնուեցաւ մեր «Քառասունչորս աստիճանի վրայ» ներկայացման, դիտեց եւ շատ բարձր կարծիք արտայայտեց անոր մասին: Շաբաթ մը ետք ներկայ եղաւ մեր թատրոնի նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան, հիմքին մէջ ամփոփուեցաւ Սօս Սարգսեանէն մասունք եւ պատգամ-կոչ ուղղուած մեզի` դերասաններուս եւ թատրոնով զբաղող մարդոց, յատկապէս` իր թատրոնով: Ասիկա պատգամ էր, որ մեզմէ ետք եկողներն ու Սօս Սարգսեանը ճանչնալու առիթ չունեցողները երբ գան թատրոն, ընդունին այդ պատգամն ու մաղթանքները:

Այս առումով ես կը կարծեմ, թէ մեր թատրոնի հարցը լուծման փուլի մէջ. թատրոնով զբաղող մարդիկ քիչ մը փխրուն, նուրբ, զգացական մարդիկ են, երեխայի պէս են, իսկ երեխայի ձեռքէն կարելի չէ խաղալիքը վերցնել: Դերասանին, թատրոնի մարդուն պէտք է հնարաւորութիւն տրուի ստեղծագործելու:

«Ա.».- Ներկայիս Հայաստանի մէջ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

Ա. Ն.- Մենք դեկտեմբեր 19-էն նշանակուած ենք թատրոնի ղեկավար կազմ, Նարինէն իբրեւ գեղարուեստական ղեկավար, ես` իբրեւ տնօրէն: Մենք այս ընթացքին բեմադրած ենք երկու ներկայացում մեծ բեմի համար, մէկ ներկայացում փոքր դահլիճի համար. ապրիլ 29-ին ունինք մեծ բեմի համար նոր ներկայացում: Պետութեան կողմէ հաստատուած տարեկան ծրագիրը մեզի առիթ կու տայ տարեկան երեք առաջնախաղ ներկայացնելու: Մենք չորս ամսուան մէջ երեքը խաղացած ենք արդէն: Տարուան ընթացքին մենք նախատեսած ենք խաղալ 6 ներկայացում: Ասոնց զուգահեռ նաեւ ամէն ամիս կ՛ունենանք փոքր ներկայացում, փոքր դահլիճի համար, որ 52 տեղէ բաղկացած է. նոր ձեւաւորած ենք այս մէկը, նոր ձեւաչափ է, ուր թատերականացուած ընթերցանութիւն կը կոչուին ներկայացումները: Սեղանի շուրջ դերասանները կը կարդան նոր, ժամանակակից,   չընթերցուած թատրերգութիւններ, ոմանք նոյնիսկ չեն թարգմանուած, դերասանները իրենք կը թարգմանեն տեղւոյն վրայ, շատ հետաքրքրական ձեւաչափ է, Հայաստանի մէջ նմանը չունեցող: Մենք մեծ թափով յառաջ կ՛երթանք: Մեր վազքը կանգնեցնելը մեզ կ՛ուշացնէ մեր նպատակին հասնելու ընթացքէն:

Լիբանանէն ետք ապրիլ 12-ին պիտի երթանք Մոսկուա «Յաղթանակի ծննդոց» ներկայացումով, որմէ ետք պիտի ուղղուինք Վլատիմիր քաղաք խաղալու «Լիւպով» փառատօնային ռուսերէն ներկայացումը, ապա անցնինք Եարոսլավըլ քաղաք, ուր պիտի խաղանք երկու ներկայացում եւ վերադառնանք Երեւան: Մենք մեծ ծրագիր մշակած ենք եւ մեր բոլոր շրջագայութիւնները նուիրած ենք Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակին. կ՛ուզենք, որ աշխարհի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր հայ ներկայ ըլլայ մեր  ներկայացումներուն: Այս է մեր նպատակը, եւ կը կարծեմ, թէ անոնք արդար եւ ազնիւ են: Մենք կ՛աշխատինք համեստօրէն, որեւէ վատ արարք կարելի չէ վերագրել մեզի եւ ըսել. «Գիտէ՞ք, ձեզ կը փակենք կամ կը լուծարենք»:

Պէտք է ըսել, որ բարձր որակի ներկայացումներ կը խաղանք, ինքնագովութիւն թող չըլլայ, բայց օրինակ «Լիւպով» ներկայացումը, որուն բեմականացման հեղինակը եւ բեմադրիչը Նարինէ Գրիգորեանն է միշտ ալ գլխաւոր մրցանակներ խլած է տարբեր երկիրներու մէջ:

Կ՛ուզեմ խօսիլ նաեւ Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակի մասին: Մենք որոշեցինք, որ մեր համերգային ծրագիրը նուիրուի Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակին, որովհետեւ անոնք այն մեծութիւններն են, որոնք հայ ժողովուրդին ամբողջ նկարագիրն են` Թումանեանը գրականութեան մէջ, Կոմիտասը երաժշտութեան: Այս տարին խորհրդանշական է, որովհետեւ Սօս Սարգսեանի 90-ամեակն է. այս երեք մեծութիւններու յոբելենական տարին մեզի համար տօնական է, հպարտանալու տարի է, ոգեւորուելու եւ նոր ծրագիրներ մշակելու տարի է: Մենք յունիսին ունինք նոր թատերախաղ` Թումանեանի եւ Սօս Սարգսեանի յոբելենական տարուան նուիրուած, «Լոռեցի Սագոն» գործը` բեմադրութեամբ Նարինէ Գրիգորեանի:

ՆԱՐԻՆԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ.- Մեր թատրոնի գլխաւոր նպատակն էր այս տարի թարմացնել թատերախաղերու ցանկը, իսկ մեր քաղաքը հսկայական թիւ ունեցող քաղաք չէ, պէտք է հաշուի առնենք հանդիսատեսին քանակը, եւ պարզ է, որ պէտք է անընդհատ թարմութիւն ըլլայ: Իսկապէս կեանքը ցոյց կու տայ, որ կարելի է տարուան մէջ 7-8 ներկայացում իրականացնել: Մեր դերասանները շատ լաւ են, ինչ որ կը նպաստէ մեր թատրոնի որակի բարձրացման: Մենք հնարաւորինս լաւագոյնը կու տանք, որ նուաճումներ արձանագրենք թատրոնի կեանքին մէջ:  Նոր ձեւաչափ որդեգրելով կ՛ուզենք, որ Հայաստանի մէջ ժամանակակից թատրոնէն տեղեակ ըլլան, որովհետեւ շատ յաճախ նոյն թատրերգութիւնը կը վերցնեն տարբեր թատրոնները, որովհետեւ տեղեակ չեն այսօրուան ժամանակակից թատրոնի աշխարհէն: Ասոր համար նոր ձեւաչափը կարեւոր է ե՛ւ հանդիսատեսին ծանօթացնելու, ե՛ւ թատերական մարդոց համար, որոնք թատրերգութիւն կը գրեն, բայց տեղեակ չեն, թէ այսօր ուր հասած է գրելու նոր ձեւերու տարափը: Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ շատ հետաքրքրութիւն յառաջացած է այս մասին: Հիմա, երբ երթանք ապրիլ 28-ին ունինք այս նոր ձեւաչափով ներկայացում, որ կը կոչուի «Սպիտակ նապաստակ, կարմիր նապաստակ». այս թատրերգութիւնը գրած է պարսիկ թատերագիր մը: Ներկայացման համար ո՛չ փորձ պէտք է, ո՛չ բեմադրիչ: Դերասանը առաջին անգամ այս թատրերգութեան կը ծանօթանայ հանդիսատեսին ներկայութեան: Դերասանը միայն մէկ անգամ կրնայ խաղալ իր դերը, որովհետեւ ետքը արդէն ծանօթ կ՛ըլլայ ներկայացման: Տոմսերը արդէն վաճառուած են, որովհետեւ հետաքրքրական թուացած է հասարակութեան: Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ ինչքան թատրոնի նոր ձեւեր կան, թէեւ թեմաները կը կրկնուին աշխարհի մէջ, բայց ձեւերն են, որ կը փոխուին: Ժամանակը կը պարտադրէ նոր ձեւեր որդեգրել: Եթէ մտնէք մեր թատրոնը մեր բոլոր  սենեակները զբաղած կը տեսնէք փորձերով: Մեր բոլոր տարածքները դարձած են թատերական տարածք: 21-րդ դարուն միայն բեմը չէ թատերական տարածքը, ամէն տարածք կրնայ դառնալ թատերական:

Այս բոլորին կողքին ունինք նաեւ դասական գործեր.  մեր քաղաքականութեան մէջ կայ, որ մենք ունենանք ե՛ւ ժամանակակից, ե՛ւ դասական գործեր: Ունինք օրինակ` Կի Տէ Մոփասանի «Փափլիք»-ը, որ  կ՛անդրադառնայ կեղծ հայրենասիրութեան գաղափարին: Շատ ծիծաղելի գործ է. համաշխարհային գրականութեան գոհարներէն մէկն է: Ունինք նաեւ Շէյքսփիրի «Ոչինչից մեծ աղմուկը»:

29-30 ապրիլ ունինք նոր ներկայացում` «Մինուս 2». երկու պապիկներու պատմութիւն է, որոնք կը վերաիմաստաւորեն իրենց ամբողջ կեանքը: Շատ գեղեցիկ գործ է:

Երբ մենք մեր պաշտօնները նոր ստանձնած էինք, գրեթէ ամէն օր դերասան մը կը մօտենար եւ կ՛առաջարկէր, որ վերականգնենք հին ներկայացումները: Սկիզբը գայթակղութիւն էր վերականգնելը, բայց լաւ է, որ չտարուեցանք այդ գայթակղութեամբ, հիմա արդէն անմիջապէս կը մերժենք, որովհետեւ նոր գործեր եկան եւ ապացուցեցին, որ թէ՛ մենք փոխուած ենք, թէ՛ աշխարհը:

Երբ կը նայիմ մեր գրականութեան, կը տեսնեմ, որ մեր հերոսները բոլորը զոհեր են, մենք տարիներ շարունակ դաժան պատմութիւն ունեցած ենք: Ես կը հասկնամ, որ գուցէ թատրոնի միջոցով նոր հերոսներ պէտք է բերել, յաղթանակած հերոս, որ կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները: Ասոր  համար մենք սկսանք «Յաղթանակի ծննդոց» ներկայացման: Ուղղակի մենք փորփրեցինք մենք զմեզ, մեր մանկութիւնը, թէ  ուրկէ ծնաւ մեր ազգին յաղթանակը: 2020 թուականի իմ ընտրած թատրերգութիւններուս մեծ մասը յաղթանակած հերոսներ են: «Յաղթանակի ծննդոց» ներկայացումը մեր պատմութիւններն են: Մենք ուրիշին պատմութիւնը չենք պատմեր, մեր մաշկին վրայ զգացածին, մեր ծնողներուն զգացումներուն մասին կը պատմենք, մեր ընկալածին, մեր պատկերացումներուն մասին առհասարակ: Իրականութեան մէջ շատ դժուար է մեզի համար խաղալ այս ներկայացումը ու ամէն անգամ ներկայացնել մեր զգացումները, որոնք մեր ծնողքին անգամ չենք ըսած:

Ա. Ն.- Ըսեմ նաեւ, որ մարտ 23-24-ին հանդիսատեսի դատին յանձնեցինք Ֆլորիա Զելլերի «Ճշմարտութիւն» թատրերգութիւնը` Դաւիթ Յակոբեանի բեմադրութեամբ: Շատ հետաքրքրական կատակերգութիւն է: Ժամանակակից շունչ ունի: Ես յաճախ ներկայ կ՛ըլլամ ռուսական թատրոններու Մոսկուայի մէջ եւ կը տեսնեմ, թէ հոն ինչ մօտեցում կայ կատակերգութիւններուն նկատմամբ: Իրենց հիմնական նպատակը հանդիսատես բերելն է, աժան հիւմորներ կը մտցնեն, որ հանդիսատես շահին: Բայց  «Ճշմարտութիւն» թատրերգութիւնը, ըլլալով բացառիկ եւ հրաշալի գրուած կատակերգութիւն, չունի հակում դէպի գռեհկութիւն եւ անճաշակութիւն: Իրապէս մենք լաւ աշխատանքներ մէջտեղ կը բերենք: Աստուած տայ, որ մենք այս ներկայացումներով կրկին կարելիութիւն ունենանք Լիբանան գալու:

Մենք ունինք ներկայացումներ օրինակ` «Քառասունչորս աստիճանի վրայ», «Ծննդեան տօնը սինիոր Կուպելլոյի տանը», որ միակ բեմադրութիւնն է Սօս Սարգսեանի, եւ որոնք այսօր մեր խաղացանկին վրայ կան: «Քառասունչորս աստիճանի վրայ» ներկայացումը դարձած է մեր այցետոմսը: Տեսէք, թատրոնը այն չէ, թէ մենք այսօր ինչ միջավայրի մէջ կ՛ապրինք, արուեստը պէտք է ըլլայ այն մասին, թէ ես ո՞ր միջավայրի մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ: Ժամանակակից արդի հարցեր, ժամանակակից հարցադրումներու կարիք չկայ: Ինծի համար հետաքրքրականը ներկայացումն է: Իրականութենէն երկու ժամ անջատուելէ ետք երբ տուն կ՛երթամ եւ կ՛ապրիմ իմ ստացած տպաւորութիւններս, ուրեմն թատրոնը իր գործը ըրաւ իմ կեանքիս մէջ, իսկ եթէ ես պիտի ընեմ այն ինչ կը կատարուի փողոցը, ատիկա թատրոն չէ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը նախատեսէք ընդհանրապէս լիբանանահայ թատերական եւ մասնաւորապէս   «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի կեանքը վերաշխուժացնել: Գործակցութեան որոշ հնարաւորութիւններ կրնա՞ն ըլլալ:

Ա. Ն.- Փոխգործակցութիւնը հիմնական է: Ժամանակին Հայաստանէն Լիբանան եկան մասնագէտներ` աշխատելու իբրեւ բեմադրիչ, որոնցմէ Երուանդ Ղազանչեանը, Վիգէն Ստեփանեանը եւ ուրիշներ: Պէտք է անպայման որոշենք համատեղ բեմադրութիւն մը կատարել եւ այսպիսով գործակցութիւնը զարգացնել:

Մենք շատ կը սիրենք Լիբանանը եւ շատ ուրախ ենք, որ նորէն այստեղ ենք. այս անգամ 10 դերասանով եկած ենք` Նարինէ Գրիգորեան, Տաթեւ Ղազարեան, Վարշամ Գէորգեան, Մխիթար Աւետիսեան, Նարեկ Պաղտասարեան, Արման Նաւասարդեան, Սերգէյ Թովմասեան, Գայեանէ Անդրէասեան որպէս թատերախումբի ղեկավար, Վիքթորիա  Յովհաննիսեան բեմադրող նկարիչ, Իւրա Կարապետեան` լուսաւորումի պատասխանատու եւ ձեւաւորող:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Հայաստանի Թատրոնի Պատմականը

Յաջորդը

Մեր Կուսակցութեան Ուժը Միասնական Լինելն Է

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?