Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Հայաստանի Թատրոնի Պատմականը

Ապրիլ 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Համազգայինի Հայաստանի թատրոնը հիմնուած է 1991 թուականին, երբ նորանկախ հանրապետութեան նոր իրաւական ու տնտեսական դաշտի կազմաւորման զուգընթաց, հայ մշակոյթի գործիչները առաջին քայլերը սկսան նաեւ թատերական նոր լեզուի ու մտածողութեան կառուցման գործին մէջ: Թատրոնը հիմնուեցաւ Համազգային կրթամշակութային միութեան կից  եւ կրեց Համազգային անուանումը: Սակայն այն փաստը, որ թատրոնի հիմնադիրը հայ բեմի մեծ վարպետ Սօս Սարգսեանն էր, սկիզբէն հասարակութեան մէջ արմատացուց «Սօս Սարգսեանի թատրոն» անուանումը:

1992 թուականի թատրոնը բացումը կատարեց Էտուարտօ Տէ Ֆիլիպպոյի «Սանիտայի թաղապետը» թատերախաղով` Սօս Սարգսեանի բեմադրութեամբ. երկրորդը 1993 թուականի Ա. Յակոբեանի «Լեռնային կակաչներ» թատերախաղի Հրաչեայ Գասպարեանի բեմադրութիւնն էր: Համազգայինի համոզումը, առանց բարձրագոչ յայտարարութիւններու ու կեղծ նորարարութիւններու, բարձրարուեստ թատրերգութեան միջոցով, հոգեբանական համոզիչ խաղի ու բոլոր բաղադրիչներու միասնակամութեան առկայութեամբ, ազգային թատրոն ստեղծելն էր: 90-ականներուն թատրոնի մէջ կ՛աշխատէր եւ կը ստեղծագործէր դերասանական վառ «աստղաբոյլ»` Կարէն Ջանիբեկեան, Գալիա Նովենց, Մայիս Կարագէօզեան, Աննա Էլբակեան, Շահում Ղազարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Կարինէ Ջանջուղազեան, Նելլի Խերանեան, Տիգրան Ներսիսեան, Միքայէլ Պօղոսեան եւ ուրիշներ: Դեռ նոր կայացող պետութեան մէջ Համազգայինը այն փոքրաթիւ թատրոններէն էր, որ կայուն խաղացանկ ունէր եւ չկանգնելով ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ` աներկբայելի կը ստեղծագործէր:

Ըստ Լեռ Կամսարի ստեղծագործութիւններուն «Մենք» (բեմ. Երուանդ Ղազանչեան) եւ Սօս Սարգսեանի բեմադրութեամբ «Մի գաւաթ բարութիւն» (ըստ Վ. Սարոյեանի «Ամենալաւ մարդիկ» թատերախաղի) ներկայացումները այս տարիներուն երեւանեան թատերական կեանքին մէջ մեծ իրադարձութիւններ դարձան: Առհասարակ 90-ականներու վերջը թատրոնին համար կարելի է համարել ոսկեդար: Բեմադրուեցան Վ. Շէյքսփիրի «Լիր արքան», Մոլիերի «Թարթիւֆը», Ն. Սայմընի «Կրքոտ տղամարդը անկողինին մէջ» եւ Կ. Մանիէի «Օսկար» կատակերգութիւնը: Թատրոնին խաղացանկը բազմազան էր ու ընդգրկուն: Այստեղ, դասական յայտնի ստեղծագործութիւններու կողքին, իր տեղը գտաւ նաւ անհեթեթ ոճի յայտնի հեղինակ Ս. Մրոժեկի «Բաց ծովին մէջ» թատերախաղի բեմադրութիւնը (բեմ. Դ. Յակոբեան, Հ. Գասպարեան), իսկ 1998-ին Համազգայինի բեմը ներկայացուց «Այս խայտաբղէտ աշխարհին մէջ» հայկական առաջին ռոք-օփերա ներկայացումը (բեմ.` Հրաչեայ Գասպարեան), երգիչ եւ երգահան Էդուարդ Զօրիկեանի երաժշտական ստեղծագործութեան հիման վրայ, ուր իրենց համակողմանի դերասանական հմտութիւններով եւ բարձրարուեստ դերասանական կատարումով աչքի ինկան նաեւ թատերական  հիմնարկի ուսանողները:

Տասը տարիներու իր հարուստ կենսագրութիւնը թատրոնը կտակեց նոր դերասանական եւ բեմադրական սերունդի: 2000 թուականին թատրոնը փոխեց իր ուղղուածութիւնը` վերածուելով ազատ հարթակի նաեւ երիտասարդ ստեղծագործողներու համար: Բեմի բազմափորձ ու հանրայայտ վարպետներու կողքին, ի յայտ եկան նոր անուններ: Իրենց առաջին բեմադրական աշխատանքներով հանդէս եկան երիտասարդ դերասաններ Կարէն Խաչատրեանը եւ Քրիստինէ Ասրեանը` բեմադրելով մանկական ներկայացումներ: Նոր թատերախումբը կազմուեցաւ հիմնականին մէջ Սօս Սարգսեանի` Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին մէջ ղեկավարած դերասանական մասնագիտութեան ուսանողներէն ու շրջանաւարտներէն: Այսպիսով Համազգայինը նաեւ դարձաւ իւրօրինակ դերասանական դպրոց:

Սերնդային հերթափոխութիւնը նոր խաղացանկ ձեւաւորեց: Համազգայինը քալելով ժամանակին համընթաց` մշտապէս իր բեմէն կը բարձրաձայնէ հայ հասարակութիւնը յուզող արդիական խնդիրներ: Հանդիսատեսին կողմէն առանձնակի ջերմութեամբ ընդունուեցան Աստղիկ Սիմոնեանի «44  աստիճանի վրայ» թատերախաղին բեմադրութիւնը (բեմ. Զ. Բեկ-Գասպարենց), ուր կ՛արծարծուի հայրենիքէն հեռու ապրելու անհնարինութեան թեման եւ Մկրտիչ Խերանեանի համանուն վէպի` «Շխոնց Միհրան» ներկայացումը /բեմ. Դ. Յակոբեան/` նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակին:

2003 թուականին Համազգայինը դարձաւ պետական թատրոն: Անխոնջ ու հայրենանուէր ստեղծագործական ուղին կը շարունակուի այսօր ալ: Թատրոնը ազատ բեմ է գեղարուեստական տարբեր ոճերու ու դաւանանքներու, տարիքային տարբեր խումբերու ստեղծագործողներուն համար: Վերջին տարիներուն թատրոնին մէջ բեմադրութիւններ կատարեցին բեմադրիչներ` Ս. Մաթեւոսեանը, Վ. Ստեփանեանը, Զ. Բեկ-Գասպարենցը, Ա. Գասպարեանը: 2006-ին ֆրանսահայ յայտնի դերասան-բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանը բեմադրեց Ալ. Տը Միւսէի «Մարիանի քմայքները»: Խաղացանկին մէջ մշտապէս ներկայ են մանկական ներկայացումներ («Ձիւնէ թագուհին», «Ձիւնաթոյրը եւ 7 թզուկները», «Անբան Հուրին»): 1995-էն մինչեւ այսօր թատրոնին համար բարի աւանդութիւն դարձած են ամանորեայ ներկայացումները:

Թատրոնի խաղացանկին մէջ տեղ գտած թատերախաղերը աչքի կ՛իյնան ոճային եւ բներգական բազմազանութեամբ` հայրենասիրական, հետախուզական, ընկերային, կատակերգական:

Հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր թատերախումբը թատերական ներկայացումներով հանդէս եկած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի, Պելճիքայի, Ֆրանսայի մէջ: 1994-էն սկսեալ ներկայացումներով շրջած են Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերուն եւ Արցախի մէջ: Մասնակցած են բազմաթիւ փառատօներու` Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ (1995 թուականին` Հայաստանի մէջ Յ. Թումանեանին նուիրուած մանկական ներկայացումներու փառատօն, «Անբան Հուրին» ներկայացման համար գլխաւոր մրցանակ, 2000 թուականի Իրանի «Իրան Զամի» միջազգային թատերական փառատօնին ընթացքին «Գուցէ փրկուենք» ներկայացման համար գլխաւոր մրցանակ):

Թատրոնին դերասանները եւ բեմադրիչները աշխուժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի մշակութային դաշտի տարբեր մարզերուն մէջ, անոնք կը նկարահանուին ժամանակակից հայկական ժապաւէններու մէջ, տարբեր պատկերասփիւռային հաղորդումներու, ինչպէս նաեւ զանազան մշակութային նախագիծերու եւ ժողովրդական հանդիսութիւններու կազմակերպիչներ եւ համահեղինակներ են:

Համազգային թատրոնը հիմա ալ կը շարունակէ իր աշխուժ թատերական գործունէութիւնը, 2019 թուականը սկսած է լեցուն սրահներով եւ մէկը միւսին յաջորդող առաջին ցուցադրութիւններով, որոնք են` «Յաղթանակի ծննդոց»-ը, «Փանտա արջերու պատմութիւնը» եւ «Ճշմարտութիւն»-ը:

 

Նախորդը

Կարճատեւ Դադարները Օգտակար Են Աշխատանքի Ընթացքին

Յաջորդը

Հարցազրոյց «Սօս Սարգսեան»-ի Անուան Պետական Թատրոնի Տնօրէն Արման Նաւասարդեանի Եւ Գեղարուեստական Ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանի Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?