Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1 Ապրիլ 1909. Կիլիկիոյ Աղէտի 110-ամեակի Դառն Ու Դաժան Դասերը

Ապրիլ 3, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ապրիլի 1-ը, 110-րդ անգամը ըլլալով, կը բանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան յուշատետրին ամէնէն սեւ ու արնաներկ էջերէն մէկը:

Ճիշդ հարիւր տասը տարի առաջ, ապրիլի առաջին օրը մոլեգնեցաւ թրքական պետութեան արնախում բարբարոսութիւնը: Չքնաղ Ատանա քաղաքն ու Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը երեսուն հազար անմեղ հայերու արեամբ ներկուեցան, հայերու տուները, խանութները եւ ինչքերը քարուքանդ եղան ու հրոյ ճարակ դարձան:

Հայկական շքեղ Կիլիկիան վերածուեցաւ մեծ մոխրակոյտի մը` Դանիէլ Վարուժանի բառերով:

Եւ Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածը նախատիպը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ վեց տարի ետք գործադրութեան դրուած 1915-ի ցեղասպանական Մեծ եղեռնին:

Սակայն Ատանայի կոտորածը եղաւ ամբոխային մոլեգնութեամբ յատկանշուող նախատիպ մը, որուն դասերը ի չարս օգտագործեցին թրքական իշխանութիւնները` առաւելագոյնս կատարելագործելու համար հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան իրենց հրէշային ծրագիրը եւ զայն պետականօրէն գործադրելու միջոցներն ու եղանակները:

Հայեւթուրք յարաբերութեանց առումով, 1909-ին որեւէ ուղղակի շարժառիթ կամ միջադէպ չկար, որպէսզի հայութեան դէմ այդպէս յանկարծակի բորբոքէր թրքական եղեռնագործութիւնը: Ընդհակառակն, 1908-ի 3 յուլիսին Երիտասարդ թուրքերու պարագլուխներուն ղեկավարութեամբ բանակի ըմբոստացումով եւ անարիւն յեղափոխութեամբ կարելի եղած էր պարտադրել սուլթան Ապտիւլ Համիտին, որպէսզի վերահաստատէ 1876-ին իր իսկ կողմէ առկախուած սահմանադրութիւնը եւ վերստին կեանքի կոչէ օսմանեան խորհրդարանը:

Ազատութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան կարգախօսներով ու խոստումներով խանդավառուելու ընդհանուր գինովութեան օրեր էին: Առաջին անգամ ըլլալով թուրքն ու հայը, արաբն ու յոյնը, հրեան եւ պուլկարացին ի վիճակի էին իրարու կողքին կանգնելու` միասնաբար լծուելու համար «օսմանեան ընդհանուր տան» բարեկարգումին եւ յառաջդիմութեան:

Յոյսերու եւ խանդավառութեան այդ ալիքը խաբուսիկ էր սակայն, ոչ միայն այն պատճառով, որ բռնատէր սուլթանը տակաւին բազմած կը մնար գահին վրայ եւ իր ձեռքը ունէր դարաւոր բռնիշխանութեան ահաւոր վարչամեքենան` իր լրտեսներով ու սադրիչներով, այլ նաեւ ու որոշապէս` այն պատճառով, որ նոյնինքն իթթիհատական պարագլուխներու ուղեղին մէջ կը խմորուէին Օսմանեան կայսրութիւնը ամէն գնով, ի հարկին` կոտորածներու ճամբով, ԹՐՔԱՑՆԵԼՈՒ հիւանդագին ծրագիրներ, անոնց համաթրքական ազգայնամոլութեան յագուրդ տուող «ցեղային մաքրագործման» սադրանքներ:

Պատմական փաստերը, նոյնինքն թրքական պետական արխիւները կը հաստատեն, որ Ապտիւլ Համիտ ձեռնածալ չմնաց եւ, մութին մէջ անդուլ դաւադրելով` սպասեց իթթիհատական ըմբոստացման իր հակահարուած պատասխանը տալու յարմար պահուն: 1909-ի մարտ 31-ին ներկայացաւ այդ յարմար պահը, եւ իթթիհատականներէն դժգոհ բանակային զօրամասեր ապստամբեցան նոր իշխանութեանց դէմ եւ մայրաքաղաք Պոլիսը իրենց հակակշռին ենթարկեցին:

Միայն տասը օրուան կեանք ունեցաւ այդ հակահարուածը` եւ իթթիհատականները կրցան, աւելիով ամրապնդուած դիրքերէ, վերահաստատել իրենց իշխանութիւնը` գահազրկելով ու աքսորելով Համիտը եւ անոր կրտսեր եղբայրը բազմեցնելով սուլթանի գահին:

Բայց ապրիլ 1909-ի սկզբնաւորութեան խռովայոյզ այդ օրերուն Պոլսոյ մէջ հայու արիւն չհոսեցաւ, ոչ ալ հայերու տուներն ու ինչքերը թիրախ դարձան թրքական մոլեգնութեան:

Մինչդեռ մարտ 31-ի հակահարուածին յաջորդ օրն իսկ Օսմանեան կայսրութեան չորրորդ մեծ նահանգը հանդիսացող Ատանայի վիլայէթին (նահանգին) մէջ, իշխանութեանց կողմէ զինուած թուրք բազմահազարանոց խուժանը, ղեկավար ունենալով թրքական բանտերէն յատուկ առաքելութեամբ ազատ արձակուած աւելի քան 500 ոճրագործներ, սկսելով Ատանա քաղաքէն եւ անմիջապէս տարածուելով դէպի Տէօրթ Եոլ, Հաճըն, Սիս, Զէյթուն եւ Կիլիկիոյ հայկական միւս աւանները, չորս օր անընդմէջ ջարդեց ու կոտորեց, հրկիզեց եւ փոշիացուց հայկական ամէն շունչ, իրեղէն կամ հարստութիւն, որ ձեռքը ինկաւ…

Թրքական մոլեգնութիւնը չխնայեց մինչեւ իսկ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները եւ կրթական մշակները, որոնք հայերու հետ առնչութիւն ունէին:

Իսկ ապրիլ 12-ին, իբր թէ խռովութեանց վերջ տալու նպատակով, իթթիհատական կառավարութիւնը կանոնաւոր զօրքեր ուղարկեց Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթները, ուր գործուած էին հայերու դէմ ջարդերն ու քանդումները: Կանոնաւոր զօրքերու երեւումը ոչ միայն չօգնեց ջարդարարութեան դադրեցումին, այլեւ նորովի թափ տուաւ թուրք խուժանի մոլեգնութեան, մանաւանդ որ բանակայինները իրենք եւս միացան ջարդարար ամբոխին:

Այս բոլորը ականատեսներու վկայութեամբ հաստատագրուած են ատենի թրքական, արաբական, եւրոպական թէ ամերիկեան մամուլի էջերուն, դիւանագիտական արխիւներու մէջ պահ դրուած զեկուցագիրներով:

Եւ անհիմն ու անհեթեթ են ինչպէս օրին նոյնինքն իթթիհատական պարագլուխներուն կողմէ հնչած, այնպէս ալ մեր օրերու թրքական պաշտօնական նենգափոխութեան հնարած այն «չքմեղանք»-ները, թէ թրքական կառավարութիւնը «մեղք չունի» թուրք ամբոխի գործած ջարդին մէջ, թէ` իբր օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն եւ հիւրրիէթէն դժգոհ թուրք ամբոխի աչքին հայ յեղափոխականներն են նկատուած օսմանեան կայսրութեան «փլուզման» պատասխանատուները, եւ թէ, մանաւանդ, իբր թուրքերու իրաւազրկման հաշուոյն հայերու հարստացումը եղած է թրքական զայրոյթին խորքային` հասարակակա՛ն պատճառը:

Պատմական դառն ու դաժան իրողութիւնը այն է սակայն, որ քանի մը շաբթուան ընթացքին աւելի քան երեսուն հազար անմեղ հայեր զոհ գացին թրքական արնախում մոլեգնութեան, եւ սերունդներու ծով քրտինքով ձեռք բերուած տուն ու հարստութիւն փճացան:

Ապրիլ 1 է դարձեալ եւ Կիլիկիոյ Աղէտին վերյիշումը խորագոյն կսկիծով կը համակէ սրտերը ողջ հայութեան:

Կը վերանորոգէ նաեւ հայ քաղաքական մտքին այն խոր համոզումը, արեան դաժանագոյն հեղումով ձեռք բերուած այն դառն իմաստութիւնը, որ այսպէս կոչուած` հայեւթուրք երկխօսութիւնը, երէկ, այսօր թէ վաղը, բնաւ պէտք չէ մտահան ընէ պատմական այն դառն ճշմարտութիւնը, որ գործ ունինք Ցեղասպանութեան ժառանգորդ, բայց Ցեղասպանութեան փաստն իսկ ուրացող Թուրքիոյ պետութեան հետ, որ` եթէ անհաւատալի օր մը մէկ ձեռքով ողջունէ Հայաստանն ու հայութիւնը, միւս ձեռքով վստահաբար պիտի փորձէ կռնակէն դաշունահարել հայկական իրաւատիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը:

Ուրացման վարքագիծ որդեգրած եւ արդար հատուցումէ ամէն գնով խուսափող ոճրագործէ մը ուրիշ բան կարելի չէ սպասել:

Վկայ` ողբն ու երգը Ատանայի կոտորածներուն.

«Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,
Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան:
Կրակը, սուրը ու անխիղճ թալան,
Ռուբէնեաց տունը, ա՜խ, ըրաւ վրան:

Ալ մի՛ տար լոյսդ, պայծառ արեգակ,
Լուսին, շուրջ կապէ դուն սուգի մանեակ,
Անցաւ մեր երկրէն հարաւի խորշակ,
Չորցուց, թոռմեցուց ծառ-ծաղիկ համակ:

Րոպէ մը չանցաւ ու հայոց խեղճեր,
Ինկան սուրին տակ խուժանին ահեղ:
Ժամեր ու դպրոց բոցի մէջ կորան,
Բիւրաւոր հայեր անխնայ մեռան:

Պարապ է աւա՜ղ, հարուստ Ատանան,
Մոխիր է դարձեր ամբողջ Կիլիկիան,
Միայն ապրեցաւ Հաճընը սիրուն,
Ինչո՞ւ չի շարժիր ապառաժ Զէյթուն:

Երեք օր գիշեր կրակը մէջէն,
Թշնամւոյն սուրը, գնդակը դրսէն,
Ջնջեցին հայը երկրին երեսէն,
Արիւն կը վազէ մեր ջինջ գետերէն:

Ալ բաւ է որքան վատերուն լուծը
Կրեցինք, թողունք մեր լացն ու կոծը,
Օտարին տունը ալ չէ ապահով,
Հայ հողի վրայ մեռնինք մենք փառքով»:

Կիլիկիոյ աղէտին 110-ամեակը, ի վերջոյ, կը պարտաւորեցնէ հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերը` չմոռնալու պատմութեան դառնագոյն դասերը եւ բոլորս կը դնէ թուրք պետական եղեռնագործ սպառնալիքին դէմ միշտ արթուն գտնուելու, օրհասական նոր հարուածներու դիմագրաւման պատրաստ ըլլալու պարտաւորութեան տակ:

Ատանայի կոտորածը ահազանգող յուշարար է մանաւանդ մեր ժողովուրդին անողնայար եւ ստրկամիտ զաւակներուն համար, որոնք այսօր ալ, եւ ի լուր համաթրքական այլամերժութեան եւ, յատկապէս, հայրենի մեր բնօրրանները հայաթափման մատնելու ծանրագոյն սպառնական վտանգին` կը շարունակեն քաղաքացիական թէ քաղաքական սին երկխօսութեան, կեղծ հաշտութեան եւ անհեռանկար ողջամտութեան քարոզներ կարդալու եւ ինքնախաբէական լայնախոհութեան կոչեր ուղղելու իրաւատէր հայութեան պահանջատէր զաւակներուն:

 

 

Նախորդը

Ասպետական Տղոց Վերադարձին Կարօտով Կ՛ապրինք (Եղիկ Գայայեան – 30-ամեակ)

Յաջորդը

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. «Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքները Եւ Արդի Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Շահեկան Սեմինար

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?