Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի, Ժամհուրի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


