Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 31 մարտին, տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի գարնանային 35-րդ ռելին, Ժիպէյլի եւ Քեսրուանի նահանգներուն մէջ:
Գարնանային այս ռելին կը հանդիսանայ Լիբանանի 2019 տարեշրջանի ռելիներու առաջին հանգրուանը, որուն կը յաջորդեն Ժեզզինի, Արզի եւ Լիբանանի (միջազգային) ռելիները:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 267,56 քմ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 ինքնաշարժներ:
Այս ռելիին մեկնարկը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 6:00-ին, Քազինօ Տիւ Լիպանէն: Նշենք, որ յետմիջօրէին, երբ աւարտի ռելին, նշեալ վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:



