Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան, 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան:
Սամուէլ Տէր Սահակեան պարտութիւն կրեց, մինչ Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Արման Փաշիկեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Վերջին հանգրուանէն առաջ, հայ մասնակցողներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ունի Մովսիսեան, որ յաջորդական երկու յաղթանակներէ ետք ունի 7,5 կէտ եւ կէս կէտով միայն ետ կը մնայ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Վլատիսլաւ Արտեմեւէն (Ռուսիա):
Վերջին հանգրուանին Մովսիսեան ճերմակ քարերով պիտի մրցի հունգարացի Փերենք Փերքեսի դէմ: