Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱԴՈՒԼԸ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

December 16, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի տարածքին գործող գրեթէ բոլոր պետական եւ սեփական դպրոցները երէկ գործադրեցին դասադուլ մը, որուն կողքին կատարուեցաւ նաեւ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր ուսուցիչներ եւ աշխատաւորներ: Բողոքի ցոյցը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` Պշարա Խուրի հրապարակէն, Սոտեքօ, ուրկէ ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Ռիատ Սոլհի հրապարակ` հաստատելով, որ իրենց իրաւունքն է արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ:

Ցոյցին ընթացքին լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելումին գծով կառավարութեան տուած երկրորդ որոշումը շատ աւելի վատ է, քան առաջինը: Ան աւելցուց, որ ինչպէս աշխատաւորները առաջին որոշումը կրցած են տապալել, նոյնպէս ալ պիտի ձախողեցնեն երկրորդ որոշումը, որ կը վարկաբեկէ զիրենք:

Ղարիպ կոչ ուղղեց կառավարութեան յետս կոչելու իր տուած յաւելումի վերջին որոշումը` աւելցնելով, որ նախարարները յուսախաբ ըրած են բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք կը կարծէին, թէ այդ նախարարները զիրենք կը ներկայացնեն: «Ուսուցիչները կը պահանջեն արդար աշխատավարձեր, ինչպէս նաեւ ընկերային ամբողջական ապահովագրութիւն», ըսաւ ան:

Իր կարգին, պետական եւ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին ուղղուած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ եթէ մեծ թիւով բողոքի ցոյց կատարող այս ուսուցիչներն ու աշխատաւորները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին իրեն համար, ապա ինք լիբանանցի ժողովուրդը չի ներկայացներ:

Մահֆուտ շեշտեց, որ այսօրուան դասադուլը սեփական մարզի գործադրած դասադուլներուն ամէնէն յաջող դասադուլն է:

Մահֆուտ կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներու չվախնալու իրենց դէմ կարգ մը տնօրէններու կողմէ ուղղուած սպառնալիքներէն` շեշտելով, որ ոչ մէկ տնօրէն կրնայ ուսուցիչի մը մազին դպչիլ:

Նշենք, որ յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին ընդհանուր գործադուլ մը պիտի կատարէ նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, որ կոչ ուղղած է բոլոր լիբանանցիներուն մասնակցելու գործադուլին:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 2012-ԻՆ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԷ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑԻԼ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.