
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մահֆուզ յայտնեց, որ Պըրրի լաւատես է պետութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան մասին լիբանանցիներուն դրական տեսակէտներով, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքացիութիւնը յարանուանական եւ համայնքային պատկանելիութենէն աւելի բարձր դասող մօտեցումներով:
Մահֆուզ դիտել տուաւ, որ խորհրդարանի նախագահը կը շեշտէ տեղեկատուութեան մարզին շինիչ դերակատարութեան վրայ հիմնուելու անհրաժեշտութիւնը:
Այն Թինէ այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:


