Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Հայ Քաջ Տօ» Մարտարուեստի Միութեան Հիմնադիր Միհրան Աղվինեանի Հետ

Մարտ 29, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Շաբթուան մը համար Լիբանան կը գտնուի «Հայ Քաջ Տօ» մարտարուեստի միութեան հիմնադիր Միհրան Աղվինեան, որ այսօր` ուրբաթ, 29 մարտին, յատուկ սեմինար մը պիտի տայ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ:

Անոր Լիբանան այցելութենէն օգտուելով` «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Միհրան Աղվինեանի հետ, լիբանանահայ մարզասէր հասարակութեան յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու համար անոր տարած աշխատանքներուն եւ Լիբանանի մէջ գտնուող «Հայ Քաջ Տօ»-ի մասին:

Ստորեւ` կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք լուսաբանել մեր ընթերցողներուն, թէ ի՞նչ տեսակի մարզաձեւ է «Հայ Քաջ Տօ»-ն:

ՄԻՀՐԱՆ ԱՂՎԻՆԵԱՆ.- Վստահ եմ, որ շատ-շատեր այս մարտարուեստին մասին ընդհանրապէս շատ տեղեկութիւն չունին:

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով նշենք, որ 1989-ին Գերմանիոյ մէջ ես հիմնեցի այս միութիւնը եւ որոշեցի անոր անունը դնել «Հայ Քաջ Տօ»:

Առաջին երկու բառերը հայկական են, իսկ երրորդը ճափոնական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «ուղղութիւն»:

Իրականութեան մէջ, մարտարուեստի այս տեսակը իր մէջ կ՛ընդգրկէ շարք մը մարզաձեւեր, որոնց կարգին` ժիւտօ, թեքուանտօ, քարաթէ եւ այլն: Այսինքն մարտարուեստի այս տեսակը կիրարկողը վերոնշեալ բոլորը սորված կ՛ըլլայ:

«Ա.».- Գերմանիայէն բացի այլ երկիրներու մէջ ալ կը գործէ՞ «Հայ Քաջ Տօ»-ն:

Մ. Ա.- Այո՛, անշուշտ: Գերմանիայէն բացի մարզական կեդրոններ հիմնեցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Լիբանանի մէջ: Այժմ աշխատանք կը տանիմ նաեւ այլ մասնաճիւղ մըն ալ հիմնելու Հայաստանի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր ակումբին մարզիչն է հայրենի փորձառու մասնագէտ Կոքոր Չվիչեան, որուն հետ կը գործակցիմ 25 տարիէ ի վեր:

Իսկ Լիբանանի պարագային գլխաւոր մարզիչն է Վարուժան Քէշիշեան:

Ան երեք տարիէ ի վեր կը գործէ եւ իր տրամադրութեան տակ ունի 50 երկսեռ աշակերտ:

Այստեղ միջանկեալ նշեմ, որ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունենալիք սեմինարին ընթացքին (ուրբաթ, 29 մարտին) Վարուժան Քէշիշեան պաշտօնապէս պիտի ստանայ իր սեւ գօտին, ինչ որ բնականաբար մեծ յաջողութիւն կը նկատուի լիբանանահայութեան համար, իսկ մեծ պատիւ` Վարուժան Քէշիշեանին համար: Սրտանց կը շնարհաւորեմ Վարուժան Քէշիշեանը` իր արձանագրած այս բացառիկ ձեռքբերումին համար:

«Ա.».- Ի՞նչ է մարտարուեստի այս տեսակին գլխաւոր նպատակը:

Մ. Ա.- Նախ ըսեմ, որ մարտարուեստի այս տեսակը հայկական է, անոր հետեւող աշակերտին կը սորվեցնէ յարգանք` ուրիշներուն նկատմամբ, երիտասարդներուն նկարագիրը կը դարձնէ իւրայատուկ, անոնք հեռու կը մնան վատառողջ մթնոլորտներէ, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի գործածութենէն` նկատի ունենալով, որ անոնք կը հետեւին մարզանքի եւ կը գիտակցին, որ պէտք չէ հետեւիլ սխալ ճամբաներու:

Բացի վերոնշեալներէն, մենք կ՛ունենանք նաեւ օրինակելի հայեր եւ ճիշդ առաջնորդներ, որոնք պիտի պատրաստեն իրենցմէ վերջ եկող սերունդը` անոր տալով ճիշդ ուղղութիւն, եւ ինչու չէ` հայեցի դաստիարակութիւն, մարտարուեստի այս հայկական տեսակին ընդմէջէն:

Պէտք չէ մոռնանք նաեւ այն իրականութիւնը, որ «Հայ Քաջ Տօ»-ն իր մէջ կ՛ընդգրկէ ինքնապաշտպանութեան իւրայատուկ ձեւեր: Անոր հետեւողները միշտ ալ հեռու կը մնան ամէն տեսակի կռիւներէ:

Այստեղ նշեմ նաեւ, որ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող մեր ակումբներու 34 աշակերտներ հանդիսացած են աշխարհի ախոյեաններ, ինչ որ յաւելեալ փաստ մըն է, որ ճիշդ ուղին բռնած ենք եւ մեր աշակերտներուն կը սորվեցնենք ճիշդը:

«Ա.».- Կրնա՞ք ձեր մասին որոշ տեղեկութիւններ հաղորդել ընթերցողներուն:

Մ. Ա.- Ինքնագովութիւն չեմ ուզեր ընել, բայց որովհետեւ հարցումը ուղղուեցաւ ինծի, պատասխանեմ հակիրճ ձեւով:

12 տարի մաս կազմած եմ Գերմանիոյ ազգային խումբին եւ հանդիսացած Եւրոպայի ախոյեան` Քիք-պոքսինկի մէջ: Աշխարհի միջազգային դասաւորման վրայ գտնուած եմ առաջին երեքին մէջ: Խառն մարտարուեստի մէջ ընտրուած եմ տարուան լաւագոյն մարզիչը:

«Ա.».- Մարզիկի մը համար որքա՞ն ժամանակի կարիքը կայ սեւ գօտիի տիրանալու համար:

Մ. Ա.- Այդքան ալ դիւրին չէ սեւ գօտի ձեռք ձգելը: Մարզիկ մը պէտք է 6-էն 10 տարի փորձերու հետեւի, որպէսզի կարենայ հասնիլ այդ սեւ գօտիին: Ան նախ եւ առաջ կը ստանայ ճերմակ գօտի, ապա յաջորդաբար` դեղին, նարնջագոյն, կանաչ, մանիշակագոյն, սրճագոյն` հասնելով մինչեւ սեւը:

«Ա.».- Այլ ըսելիքներ ունի՞ք:

Մ. Ա.- Նախ եւ առաջ խորին շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին, որ հետս կատարեց այս հարցազրոյցը:

Աւելցնելիք ոչինչ ունիմ, բայց կ՛ուզեմ ըսել մէկ բան: Հայ մարզասէրները մուտք թող գործեն այս մարզաձեւին մէջ, որովհետեւ անոնք կրնան դառնալ ապագայի աստղեր:

«Լիբանանի մէջ գտնուող մեր ակումբին աշխատանքները կը կատարուին բացառիկ ձեւով, եւ գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Քէշիշեան կը պատրաստէ շատ լաւ մարզիկներ: Փափաքս է, որ միութեան մաս կազմեն այլ տարրեր ալ, որպէսզի այս գաղութը ունենայ ախոյեան մարզիկներ»:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի Մութթահետի Դէմ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 29 Մարտ 2019)

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան.  Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըմբշամարտ.    Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Էմ. Էմ. Էյ.  Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?