ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հրապարակէ ելեկտրածին շարժակներու մարտ ամսուան հաշուեցուցակը` հիմնուելով ուժանիւթի նախարարութեան սակացոյցին վրայ:
Ժամական իւրաքանչիւր քիլովաթի համար 405 լիբանանեան ոսկի, որուն վրայ կ՛աւելնան մնայուն բաժնեգիները.
15.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփեր
23.000 լիբ. ոսկի` 10 ամփեր
30.000 լիբ. ոսկի` 15 ամփեր
եւ 15 ամփերէն վեր 5000 լիբ. ոսկի` իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Իսկ առանց հաշուեցոյցի սարքերու բաժանորդներուն պարագային վճարումները կ՛ըլլան համաձայնաբար բաժանորդին եւ ելեկտրածին շարժակի տիրոջ միջեւ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զուարթ Մոսքոֆեան եւ զաւակը` Սագօ
Տիկին Մարի Չաղլայեան
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Վարդուհի Չաղլայեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Ալեքսանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Օսան Ալեքսանեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիրան Չաղլայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Մարալ Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նշան եւ Մակի Կիւլիւմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Սրբուհի Առաքելեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Նաթալի Առաքելեան եւ զաւակունք
Այնթէպլեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Առաքելեան եւ Ադամեան ընտանիքներ
Ալեքսանտրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ (ՌՈՒԲԷՆ) ՄՈՍՔՈՖԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 27 մարտ 2019-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 28 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ, ուրբաթ, 29 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————–
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն:
Պիտի նախագահէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂՅ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան:
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն:
Առաջնորդ սրբազան հայրը պիտի հասնի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ Արաքս թաղի մուտքին պիտի արժանանայ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա թափօրով պիտի առաջնորդուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` դիմաւորելու առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ ըլլալու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան պատգամով:
ԾԱՆՕԹ.- Շաբաթ, 31 մարտ 2019-ին կրպակներու զետեղում:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ՀՅԴ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ ԿՈՄԻՏԷԻՆ
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
(ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ,
ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԸ 12:00-ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ,
ԱՐԱՔՍ ՓՈՂՈՑԻՆ ՎՐԱՅ:
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ`
– «ԾԻԱԾԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ
– ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ
– «ՀԱՅ ՇԵՓՈՐ»-ԻՆ
ԾԱՆՕԹ.- ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԷՍՕՐԷ ԵՏՔ ԺԱՄԸ 3:00-ԻՆ:
ՃՈԽ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԷԼՄԱՍՏ ՄՍԸՐԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտամունք պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԿԱՐԱՊԵՏ ՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍՐԲՈՒՀԻ ՋԱՆԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿՈՄԻՏԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ – ՊԷՅՐՈՒԹ
ԸՆԹՐԻՔ – ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
Յատուկ մեծարանքի բաժին`
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԵՒ ՄԻՇԵԼ ԼԸԿՐԱՆԻ
Կատարողութեամբ`
ՔՐԻՍՏԻՆԻ ԵՒ ԻԶԱՊԷԼԻ
Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ, Պէյրութ:
—————————————
ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2019-2020 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ արդէն սկսած է 2019-2020 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները:
ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ` Պրէօվէ դասարանի բացում:
Գերազանց աշակերտներու համար` կրթաթոշակի յատուկ զեղչ:
Հեռաձայն` 01/683458 – 76/316042
Կայք` www.mekhitarianlb.com
Մխիթարեան վարժարան… 21-րդ դարու ուսումնարան:
————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Արագածի շրջան, Համազգայինի շէնք, պլոք Ա., 7-րդ յարկ, 90 քառ. մեթր, գին` 130.000 տոլար:
Վճարման դիւրութիւն` 30.000 տոլար կանխավճար, իսկ մնացածը կ՛ապահովուի դրամատան միջոցով: Դիմել` հեռ. 03-526799:
—————————————
ԲԱՑԱՌԻԿ ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի բեռնատարի (վան) վարորդներու (շէօֆեր):
Վճարման լաւ պայմաններ, նաեւ` ընտանեկան ապահովագրութիւն:
Հետաքրքրուողներ կրնան հեռաձայնել 03-244967 թիւին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ
ԽԱՆՈՒԹ
Ամանոսի շրջան, 50 քառ. մեթր + 40 քառ. մեթր վերնայարկ: Դիմել` հեռ. 03-782553:
—————————————
ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ աւետարանական քոլեճը (Քաղաք) կարիքը ունի մնայուն պահակի մը, որ 24 ժամ ներկայութիւն ապահովէ դպրոցին մէջ: Հետաքրքրուողներ դպրոցական ժամերուն կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին` ժամադրութիւն առնելու համար:
————————————–
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Անի Փափազեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Հուրի Մարտիրոսեան 200$, տիար Պասսամ Հարուն եւ ընտանիք 100$, Սուրայա Կարապետ 50$, Սելլա Գահքեճեան եւ ընտանիք (Աւստրալիա) 50$, տիկին Մարօ Թելվիզեան 100.000 լ. ո., Մարիա Ֆրենժիէ 100.000 լ. ո., տիար Թոնի Խաուամ եւ ընտանիք 100.000 լ. ո., տիար Միքայէլ Միքայէլեան եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Լիլիան Սաֆիլա 50.000 լ. ո., տիար Լութֆի Կարապետ 50.000 լ. ո., տիար Անդրանիկ Միսաքեան եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տիար Շարլ Սֆէյր եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Զոհրապ Շէկեան եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տիար Սթիւ Խանճեան 50.000 լ. ո., տիար Ժոզեֆ Ապու Ժաուտէ 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Թելվիզեան եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Մանօ Շէկեան 50.000 լ. ո., տիար Անտրէ Քուրտահի եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տիար Միշել Ղուսուպի եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Շանթ եւ Սանտրա Խանճեան 50.000 լ. ո., տիար Ասատ Սֆէյր 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութ Քէհքեճեան 50.000 լ. ո., Մուսաատ 40.000 լ.ո., տիար Իսկենտեր Պոներեան 30.000 լ. ո., տիար Կարօ Պեքարեան 30.000 լ. ո., տիար Պետիկ Զէյթունեան 30.000 լ. ո., տիար Փոլ Թորոսեան 30.000 լ. ո., տիար Մանուկ Մարկոսեան 25.000 լ. ո., տիկին Արփի Մարտիրոսեան 20.000 լ. ո., տիար Անդրանիկ Չալըգեան 20.000 լ. ո., տիար Միսաք Բիլաւճեան 20.000 լ. ո., տիար Մուրատ Կիրակոսեան 20.000 լ. ո., տիար Եդուարդ Կիրակոսեան 20.000 լ. ո., տիկին Գոհար Քէսմէեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սալբի Պէրպէրեան 15.000 լ. ո.:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019


