Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած չորս մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականին հասած չորս խումբերը:
Երէկուան առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ 85-52 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանեան բանակին:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-20, 19-24, 12-29 եւ 7-12:
Կիսաւարտականին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մութթահետ, որ 73-56 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին:
Շանվիլ դաշտ ներկայացաւ առանց իր օտարականներուն` նկատի ունենալով, որ անոր մարզիչը` Ֆուատ Ապու Շաքրա յայտարարեց, թէ բաժակի մրցաշարքը այդքան ալ կարեւոր չի նկատեր, որովհետեւ կ՛ուզէ կեդրոնանալ ախոյեանութեան տիտղոսը ձեռք ձգելու վրայ:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, իրարու դէմ պիտի մրցին Ռիատի եւ Աթլաս: Ռիատի 99-76 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսին, իսկ Աթլաս` Հուփսին (90-85):
Բոլոր մրցումներն ալ տեղի ունեցան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):


