Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՑ. «ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ

December 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ վարչապետ, նախագահական թեկնածու Վլատիմիր Փութին երէկ «Ռոսիա24» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Տումայի ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ անոնցմէ դժգոհ ընդդիմութեան կատարած հանրահաւաքին: «Այն իրողութիւնը, որ մարդիկ իրենց կարծիքը կ՛արտայայտեն, բնական երեւոյթ է, ի հարկէ, եթէ անիկա օրէնքի սահմաններուն մէջ է: Ես պատկերասփիւռէն տեսած եմ երիտասարդներ, որոնք յստակ կարծիք ու դիրքորոշում ունին, ինչ որ զիս կ՛ուրախացնէ: Եթէ ատիկա «փութինեան վարչակարգ»-ի արդիւնք է, լաւ է», ըսած է Փութին:

Ինչ կը վերաբերի 4 դեկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին կատարուած խախտումներուն, ան նշած է, որ ընդդիմութիւնը միշտ ալ դժգոհած է արդիւնքներէն: «Ընդդիմութիւնը ճիշդ անոր համար է, որ ձգտի իշխանութեան, մատնանշէ սխալներն ու թերութիւնները, ատիկա բնական երեւոյթ է: Իմ կարծիքովս, այս ընտրութիւններուն արդիւնքները երկրին իրական պատկերը կ՛արտայայտեն», ըսած է Փութին:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Մոսկուայի Պոլոթնայա հրապարակ դուրս եկած էր ոչ թէ ընդդիմութիւնը, այլ` սովորական քաղաքացիներ, որոնք կը գտնեն, որ իրենց քուէները գողցուած են, Ռուսիոյ նախագահութեան թեկնածուն ըսած է. «Զիս ուրախացուցած է այն, որ հանրահաւաքին մասնակցած են թարմ, առողջ, խելացի դէմքեր: Եթէ այսպիսի մարդիկ կը յայտնուին, ապա ես գոհ եմ «փութինեան վարչակարգ»-ի արդիւնքէն»:

Ուղղակի սփռուող զրոյցի ընթացքին ան նաեւ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբէն խնդրած է բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ համացանցային-տեսախցիկներ տեղադրել: «Անոնք պէտք է աշխատին ամբողջ օրը, գիշեր ու ցերեկ, որպէսզի մարդոց կարելիութիւն տան համացանցի միջոցով ընտրութիւններուն հետեւելու», ըսած է նախագահի թեկնածուն:

Ան նաեւ յայտնած է, որ կարգ մը ռուս ընդդիմադիր գործիչներ Ուքրանիոյ «Նարնջագոյն յեղափոխութեան» մէջ դերակատար եղած են: Ան այդպիսի «գունաւոր յեղափոխութիւնները» դատապարտեց իբրեւ «ընկերութիւնը ապակայունացնելու քննուած եւ փորձուած ծրագիրներ»:

Փութին հեգնած է Վիեթնամի պատերազմի վեթերան, ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյնի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք Մոամմար Քազզաֆիի պէս պիտի տապալի. «ՄքՔէյն պատերազմի ընթացքին ձերբակալուեցաւ եւ նկուղի մէջ պահուեցաւ, ատիկա որեւէ մէկը կը խենթացնէ», ըսած է Փութին:

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, Ռուսիոյ վարչապետը յայտնած է, որ «Ամերիկա դաշնակիցներու կարիքը չունի, ան վասալներու պէտք ունի», եւ հարց տուած է. «Միացեալ Նահանգներու մէջ ոեւէ մէկը Աֆղանիստանի մէջ ինչ ընելու մասին իրենց դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցեցա՞ւ: Անշուշտ ոչ»: Ան նշեց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն եւ հակառակ զայն մեկուսացնելու ջանքերուն, Ռուսիա արտասահմանի մէջ «աւելի բարեկամներ ունի, քան թշնամիներ»:

Փութին Ուաշինկթընը ամբաստանեց Մոամմար Քազզաֆիի սպանութիւնը կազմակերպելու յանցանքով: «Ո՞վ Քազզաֆին սպաննեց: Առանց օդաչուի սարքերը, ամերիկեան սարքերը: Անոնք շքախումբը հարուածեցին, ապա հեռահաղորդակցութեամբ մասնայատուկ ուժերու ճամբով, որոնք այդտեղ պէտք չէ ըլլային, այսպէս կոչուած ընդդիմադիրներն ու մարտիկները կանչեցին, եւ Քազզաֆին սպաննեցին առանց դատավարութեան կամ հետաքննութեան»:

Ուաշինկթըն հակազդեց Փութինի այս ամբաստանութեան` զայն «ծիծաղելի» նկատելով: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթայի բանբեր գնդ. Ճոն Քըրպի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ գործողութեան մասնակից ամերիկացի հետեւակներ չունէինք, «մեր օժանդակութիւնը օդին եւ ծովուն ճամբով կատարուեցաւ»:

Նախորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՏԻՐՈՂ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ

Յաջորդը

ՖԸՐԶԼԻ ԵՒ ՈՒԱՀԱՊ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.