Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1969)

Մարտ 27, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Նոր Հայը»

Մեր մարտ 30-ի թիւին մէջ Մ. Իշխան «Նոր հայը» խորագրուած յօդուած մը ստորագրած էր` թելադրուելով նոյն երեւոյթը ուշադրութեան ընծայած Յ. Քիւրքճեանի մէկ գրութենէն:

Ներկայացուած այս «Նոր հայը» այն տիպարն է, որ իր ծնած կամ ապաստան գտած երկրին մէջ կ՛ապրի բնիկներուն պէս, գիտէ անոնց լեզուն, ներծծած է անոնց մշակոյթը, կը մասնակցի անոնց առօրեային, կը ստանձնէ պատասխանատուութիւններ, լաւագոյն ընկերութեան մը համար անոնց կողքին կը պայքարի զօրութեամբ, բայց նոյն ատեն հայ է, «Նոր հայը», որ ձերբազատած հայկական ռոմանթիզմէն, զգացական զեղումներէն թօթափած` ազգային արժէքները կը գնահատէ իմացական նժարներու մէջ, կը ջանայ ինքզինք կերտել իմացական տուեալներով, ծառայել իր կոչումին իմացապէս:

«Նոր հայը» հայերէն չի գիտեր, օտար լեզուներու միջոցով կը ճանչնայ իր հայութիւնը, հայութեան նուաճումները, կտրած ճամբան, հեռանկարները:

Լա՛ւ է, որ ունինք այս տիպարը, Ֆրանսայի մէջ ֆրանսացիի ու հայու պէս մտածող, Ամերիկայի մէջ ամերիկացիի ու հայու պէս ապրող, Յունաստանի, Պարսկաստանի, արաբական երկիրներու մէջ նոյն կրկնակ արժէքները ներկայացնող այդ տիպարները դե՛ր ունին կատարելիք եւ մենք պէտք ունինք իրենց: Այդ հանգամանքը, «առեւտուրի» ճամբով կրնայ թարմացնել մեզ, փոխադարձ ճանաչումներու առիթներ կրնայ ստեղծել, ստիպել, որ մաշած ու ժամանակավրէպ տեսութիւններու կառչած չմնանք, քալենք նոր ժամանակներու կշռոյթով, քաղաքակիրթ ժողովուրդներու առաջընթաց երիտասարդութեան հետ:

Բայց եթէ շատնայ, բազմանայ այդ «Նոր հայը», ֆրանսահայը ամբողջութեամբ դառնայ նոր հայ, ամերիկահայը դառնայ նոր հայ, միւսները նոյնպէս դառնան նոր հայ, նոր հայեր, ֆրանսերէնով ճանչնան իրենք զիրենք ու մտածեն հայութեան մասին, անգլերէնով ճանչնան ու մտածեն, միւս լեզուներով ճանչնան ու մտածեն, այն ատեն ի՞նչ կը մնայ հայէն, հայութենէն: Այդ ճանաչումը եւ ապա անկէ բխող նոր մտածում մը կարելի դարձնելու չափ բաւարար միջոցներ տրուա՞ծ է իրենց, ունի՞ն:

Հայութեան անցած ճամբան, հա՛յը ճանչնալու համար մարդկօրէն քանի մը կեանք պէտք է մահկանացու մարդուն, ու ճիշդ չէ հայութեան մասին գրուած քանի մը ֆրանսերէն, անգլերէն, յունարէն, պարսկերէն կամ արաբերէն կարդացող տղուն իմացականութեամբ կամ խանդով խանդավառուիլ ու փութալ տիպարային հանգամանքով մը օժտել զայն:

«Նոր հայը» կը խանդավառէ մեզ անշուշտ ա՛յն չափով, որչափով որ նոր հայութիւն մը ունենալու մեր բաղձանքին կամ տեսիլքին կենսագործման կը նպաստէ: Կրնա՞նք սակայն իրենց արիւնին մէջ հայկական խռովքներ զգացող ու հայութեան մասին օտար լեզուով գիրքեր կարդացած այդ նոր հայերով ստեղծել նոր հայութիւն մը: Ի՞նչ հասարակաց գիծեր պիտի ստեղծենք ֆրանսահայ «նոր հայուն» եւ ամերիկահայ «նոր հայուն» միջեւ եւ պիտի դիմենք ո՞ր լեզուին «նոր հայերուն» վստահուած նոր հայութեան դիմագիծը իմանալի եւ ընդհանրական դարձնելու համար:

Վասնզի, ինչպէս կը ներկայացուի մեզի, ինչպէս մենք կ՛ըմբռնենք, «Նոր հայը» չէզոք տարր պիտի չըլլայ, պիտի ստեղծագործէ, պիտի պատգամէ: ուղղութիւններ պիտի ճշդէ: Արդ, ի՞նչ միջոցներով պիտի կատարուի հաղորդակցութիւնը:

Հարցումը լուծում մը բերելէ աւելի` կ՛ազդարարէ խնդրին բարդ հանգամանքը:

Մայրենի լեզուն ուսուցանելու դժուարութեան չափ դժուար կացութեան մը առջեւ կը դրուինք նորէն:

Որովհետեւ, այդ պարագային, ֆրանսահայ «Նոր հայուն» նոր նուաճումները ամերիկահայ «նոր հայուն» ծանօթացնելու համար պէտք պիտի ըլլայ ֆրանսերէնը թարգմանել անգլերէնի, պարսկերէնը արաբերէնի, դեռ երկրորդական լեզուներ` երկրորդական լեզուներու, որպէսզի բոլոր երկիրներուն «Նոր Հայերով» կարենանք կազմել նոր հայութիւն մը: Այլապէս, գորդեան հագոյցը կը մնայ անլոյծ եւ մէկ երկրին մէջ երեւցած նոր հայուն տիպարը` մասնակի երեւոյթ մը, զուրկ` ընդհանուրին վրայ ցանկալի անդրադարձը ունենալու ցանկալի նշանակութենէն:

Իր մայրենի լեզուն սորվելու եւ անով հազարամեայ մեր պատմութեան, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ քաղաքական վերիվայրումներուն հաղորդուելու հնարաւորութենէն զուրկ մնացած տղան, երբ կ՛ապրի իր արիւնին տագնապը, յարգելի է անպայման, սիրելի, նոյնի՛սկ պաշտելի, բայց մեր հաւաքականութիւնը նորոգելու, հայութեան նոր կերպարանք մը տալու համար կարելի չէ անոր ներկայացուցած մասնակի երեւոյթը տիպականացնել եւ դիմել ընդհանրացումներու:

Նոր հայը ա՛ն է, որ լաւապէս կը ճանչնայ իր մայրենի լեզուն, ծանօթ է իր ժողովուրդին ստեղծած քաղաքակրթութեան մայր երակներուն, մայր ձգտումներուն, առաւել` կը ճանչնայ օտար լեզու մը, կրնայ շաղախուիլ օտարին հետ, կրնայ շաղախել այդ ամէնքը իրարու եւ ամբողջական մարդու մը վստահելի զօրութեամբ, իմաստութեամբ ու գուրգուրանքով մօտենալ օտար միջավայրերու մէջ հասակ առած այդ «նոր հայուն», այդ լաւ ատաղձին, բազմացնել անոր նմանները, լեզու գտնել բոլորին հետ, ճանաչումներով ճոխացնել անոնց միտքը եւ բերքը կամ հմայքը գնահատել հաւաքականութեան վրայ իրենց ունեցած ազդեցութիւններով:

Առաքելական այս գործը գլուխ հանող մա՛րդն է այսօր նոր հայը եւ ո՛չ թէ ան, որուն պզտիկ ծանօթութիւններուն առաքելական նշանակութիւն մը կը տրուի:

Պ. Ս.

Պէյրութ Եւ Լիբանան

Արեւելեան Մուտքի Ճամբան

Քաղաքաշինութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը պատրաստած է նախագիծը երեք սարքերու, որոնք պիտի կրնան Պէյրութի արեւելեան մուտքի ճամբուն տալ անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները` իբրեւ նախադուռ քաղաքին կեդրոնական մասին եւ նաւահանգիստին:

Արեւելեան մուտքը կը գտնուի երկու մայրուղիներու բերանը. Պէյրութ – Թրիփոլի եւ Պէյրութ -Դամասկոս: Հետեւաբար նախատեսուած ծրագիրները կ՛ենթադրեն երեք տեսակի սարքեր. էշանժէօր մը` Թրիփոլի-Պէյրութ -Դամասկոս ճամբաներու միացման կէտին վրայ, վիատիւք մը, որ կ՛երկարէ Թրիփոլի-Պէյրութ ճամբան եւ ելքի ճամբայ մը կը հանդիսանայ դէպի Շարլ Հելու պողոտան, վերջապէս` ինքնաշարժներու կայան մը:

Էշանժէօրին եւ միւս գործերուն ծրագիրները տակաւին վերջնական ձեւ մը չեն գտած, բայց կայանին ծրագիրը լրիւ կերպով պատրաստ է:

Կայանը պիտի ըլլայ եռայարկ` գետնայարկ մը եւ երկու յարկեր: Գետնայարկը պիտի ծառայէ օթոպիւսներու, առաջին յարկը թաքսիներու, երկրորդը` անձնական ինքնաշարժներու: Վարորդները պիտի կրնան իրենց ինքնաշարժը հոն դնել եւ ուրիշ ինքնաշարժով մը երթալ, ուր որ կ՛ուզեն, կամ` փոխադարձաբար. գալ որեւէ ինքնաշարժով եւ հոնկէ առնել իրենց ինքնաշարժը:

Գետնայարկը պիտի կրնայ պարունակել 68 օթոպիւս, 20 մեծ օթոպիւս եւ 15 փոքր օթոպիւս: Առաջին յարկը պիտի կրնայ առնել 238 թաքսի, իսկ երկրորդ յարկը` 328 անձնական ինքնաշարժ:

Կայանին երկայնքը պիտի ըլլայ 450 մեթր, լայնքը` 36,50, բարձրութիւնը` 14,50: Շինութիւնը պիտի արժէ 7,50 միլիոն ոսկի: Գետնայարկին մէկ մասը հետագային կրնայ մեթրոյի կայարանի վերածուիլ:  Աշխատանքները պիտի սկսին 1969 յունիսին եւ պիտի աւարտին 1970 յունիսին:

Գործադրութիւնը վստահուած է Պէյրութի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին:

Պենզինի Գինը Աւելցնելու Խնդիրը

Վարչապեհ Քարամէ վերջերս յայտարարեց, որ երկրին անհրաժեշտ եղող մայրուղիները շինելու համար անհրաժեշտ է նոր տուրքեր դնել: Վարչապետը յայտնեց նաեւ, որ այդ տուրքերը պիտի գանձուին պենզինի միջոցով: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր թիթեղի համար լիբանանցիներէն պիտի պահանջուի մէկ ոսկի աւելի վճարել:

Վարչապետին այս յայտարարութիւնը փոթորիկ բարձրացուց երկրին մէջ: Պենզինին գինը աւելցնել` կը նշանակէ գիները բարձրացնել բոլոր մարզերու մէջ, որովհետեւ, իւրաքանչիւր քաղաքացի, այս կամ այն ձեւով, պիտի պարտաւորուի իր տեղափոխութեան համար յաւելեալ գումար մը վճարելու: Սիկարեթ չէ, որ ոմանք դադրեցնեն ծխելը: Ըստ երեւոյթին, պետութիւնը պերճանք կը նկատէ ինքնաշարժը եւ փոխանակ այլ միջոցներ որոնելու, փոխանակ վարչական ծախսերը կրճատելու, դարձեալ կ՛իյնայ խեղճ քաղաքացիին վրայ` անոր դրամով դարմանելու համար աւելորդ մսխումներու ստեղծած անբաղձալի վիճակը:

Մայրուղիները անհրաժեշտ են` ոչ մէկ կասկած: Բայց պետութիւնը իր պիւտճէին մէջ պէտք է նախատեսած ըլլար անհրաժեշտ գումարը` անոնց շինութեան համար: Պիւտճէին մէջ մտած են այլ ծախսեր, որոնց անունով պետութիւնը պիտի չկրնար դիմել ժողովուրդին: Նկատած է, որ մայրուղիներու համար, որոնք հանօգուտ ձեռնարկներ են, կարելի է ձեռք երկարել արդէն իսկ ծանրաբեռն մարդոց: Ոչ սակայն, այդ ռազմավարութիւնը շատ թափանցիկ է: Աղմուկը, որ բարձրացաւ կառավարական ծրագրին դէմ, պէտք է վերատեսութեան ենթարկել տայ այդ հաշիւները:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?