Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի 19 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ:
20 մետալներու վրայ խաղցուեցան տասը տղոց եւ տասը աղջկանց մրցումները:
Հայաստանի հաւաքականը աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 9 բռնցքամարտիկներով եւ մրցաշարքը աւարտեց մէկ պրոնզէ մետալով: Հայկական խումբի միակ մետալը շահեցաւ Արտեոմ Ստեփանեան, որ հանդէս եկած էր մինչեւ 70 քկ կշիռի մրցումներուն:
Կիսաւարտականին չհասած, Ստեփանեան երեք յաղթանակ արձանագրած էր` պարտութեան մատնելով Լաթվիոյ, Պուլկարիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները: Կիսաւարտականին հայ մարտիկը մրցեցաւ իրլանտացի Ճոն Տանիէլ Մահերի դէմ եւ իրաւարարներուն շնորհած 2-3 արդիւնքով միայն պարտուեցաւ:
Մահեր ոսկի մետալակիր դարձաւ 5-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ղազախստանի ներկայացուցիչ Պիպարս Աշերպային:


