Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան բաժակը արդէն իսկ հասած է Երեւան եւ կը գտնուի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներէն ետք (որոնք արդէն իսկ սկսած են), եօթը խմբակներուն պարագլուխի դիրքը գրաւողները յուլիսին կը հասնին Երեւան, ուր տեղի պիտի ունենայ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` այդ եօթը խումբերուն եւ Հայաստանի հաւաքականին հետ:


