
Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Իքեր Քասիաս համաձայն գտնուեցաւ տարեշրջան մը եւս մաս կազմելու Փորթոյին:
37 տարեկան Քասիաս իր պայմանագրութիւնը կնքելէ ետք ըսաւ, թէ մտադրած է ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտել փորթուգալական ակումբին հետ: