«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 9 մրցումներէն ետք, փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահոված խումբերուն թիւը (5 խումբ) եւ անկէ դուրս մնացածներուն թիւը (8) փոփոխութեան չենթարկուեցան:

Մեմֆիս Կրիզլիզ, որ հիւրընկալեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, երկարաձգումէն ետք կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 126-125 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցին, հակառակ անոր որ վերջինէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 57 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի երկարաձգումէն ետք իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզէն` 123-114 արդիւնքով, հակառակ անոր որ անոր մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 42 կէտ:
Երկարաձգուած երրորդ մրցումին, Շիքակօ Պուլզ 126-120 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին:
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 118-115 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պոսթըն Սելթիքսին: Քիրի Ըրվինկ (Սելթիքս) նշանակեց 36 կէտ:


