Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցաւ 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու ողիմպիական ջահին շնորհահանդէսը:
Ալիւմինիումէ պատրաստուած ջահը կը կշռէ 1,2 քկ, հաղորդեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
11 մարտ 2020-ին պիտի վառի ողիմպիականի ջահը, իսկ 6 օր ետք պիտի սկսի այդ ջահին քաղաքէ քաղաք շրջագայութիւնը: Սկիզբը անիկա պիտի ուղղուի այն քաղաքները, որոնք 2011-ին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն եւ ծովաշարժէն ամէնէն շատ տուժած էին:
121 օրուան ընթացքին ջահակիրները ողիմպիականի ջահը պիտի հասցնեն Թոքիօ, ուր 24 յուլիս 2020-ին տեղի պիտի ունենայ ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Անիկա պիտի աւարտի 9 օգոստոսին:



