Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ Աթլաս Ֆըրզոլ Զահլէի մէջ հիւրընկալեց Շանվիլը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 80-68 արդիւնքով (կիսախաղ 26-21` ի նպաստ Շանվիլի):
Այսպիսով, Շանվիլ երթուդարձի մրցումները աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ` ապահովելով 30 կէտ:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզադաշտին վրայ Մութթահետ կը հիւրընկալէ Հուփսը:


