Երէկ` հինգշաբթի, 21 մարտին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մեկնեցան լիբանանցի պասքեթպոլի անցեալի խաղացողները` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար «Տուպայ-Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին, որուն կը մասնակցին 40 տարեկան եւ վեր խաղացողները:
Լիբանանցիներուն առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Այս մրցաշարքին կը մասնակցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն երկու խումբ, Իտալիայէն` 2 խումբ, մինչ մէկական խումբ ունին Լիբանան եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:
Լիբանանեան կազմին մարզիչները պիտի ըլլան Պուլոս Պշարա եւ Ռըզքալլա Զալլում: Իսկ խումբին մաս կը կազմեն Իպրահիմ Տունիա, Ղազի Պուսթանի, Եասեր Հաժ, Մարք Քըզահ, Ճէյսըն Ֆարահ, Տենի Աուն, Տենի Համմուշ, Ռըզքալլա Սֆէյր, Փաթրիք Լահուտ, Ճօ Մանսուր եւ Սարգիս Գորճեան:



