Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 67-38 արդիւնքով (24-9, 12-12, 23-11 եւ 8-6):
Հակառակ իրենց կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները ունեցան բաւական լաւ ելոյթ մը:



