Սքոփյէի մէջ (Մակեդոնիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Հրանդ Մելքումեան, Շանթ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, իսկ Հայաստանի նորընծայ ախոյեան Արման Փաշիկեան պարտութիւն կրեց:
Երրորդ հանգրուանէն ետք Մելքումեան եւ Տէր Սահակեան այժմ 2,5-ական կէտով կը բաժնեն 8-55-րդ դիրքերը:
Չորրորդ հանգրուանին Շանթ Սարգսեան պիտի մրցի (ճերմակ քարերով)` Ռոպերթ Յովհաննիսեանի դէմ:



