Սպանական Ռայօ Վայեքանօ ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ Փաքօ Խեմես վերադարձաւ եւ դարձեալ վերստանձնեց խումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
48 տարեկան մասնագէտը փոխարինեց Միչելին, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ:
Խեմես Ռայօ Վայեքանոյի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած էր 2012-2016 ժամանակամիջոցին: Սպանացի մարզիչին նախկին ակումբն էր Լաս Փալմասը:



