Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաղդալեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Դիրքորոշումներուն Մէջ Հակասութիւններ Չկան Տագնապի Լուծման Հարցով»

March 21, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Պիելոռուսիոյ առաջադրած թեկնածութեան համաձայնեցման վերաբերեալ անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը ուղարկուած են կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն: Այդ մասին «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիքով:

«Հայաստանը արդէն ստացա՞ծ է համապատասխան փաստաթուղթը»` լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան պատասխանեց. «Մեզի համար առաջնայինը սկզբունքի ամրագրումն է, իսկ փաստաթուղթերու տրամադրումը եւ ստացումը պէտք է յստակացնեմ, եւ թէ ի՛նչ գրուած է անոր մէջ: Քանի տակաւին ամրագրուած չէ սկզբունքը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լրացնել այդ իրաւական բացը, նման իրավիճակներու յառաջացման պարագային, մնացածին մասին զրոյցները աւելորդ են»:

Ինչ կը վերաբերի Նազարպայեւի հրաժարականէն ետք Հայաստան-Ղազախստան յարաբերութիւններուն, Նաղդալեան շեշտեց, որ Հայաստանը Ղազախստանի հետ ունի լայնածաւալ եւ կարեւոր օրակարգ, բազմաշերտ համագործակցութիւն, որ մեծ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար:

«Մենք այդ բոլոր ուղղութիւններով կը համագործակցինք` երկկողմանի եւ  բազմակողմանի հարթակներու վրայ: Առաջնային են նաեւ ՀԱՊԿ-ը եւ ԵԱՏՄ-ն, եւ այս առումով աշխատանքները պիտի շարունակուին», նշեց ան:

Այլ նիւթով, Աննա Նաղդալեան յայտարարեց, «Հայկական կողմը մտադիր է հետեւողականօրէն ձեռնարկելու բոլոր քայլերը, որպէսզի ապահովուին Հայաստանցի քաղաքացիի` Ազրպէյճանի մէջ դատապարտուած Կարէն Ղազարեանի իրաւունքները, ազատութիւնը եւ վերադարձը հայրենիք: Քայլեր կը ձեռնարկուին, բայց որեւէ բան չեմ կրնար հրապարակային ըսել»:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, որ ղարաբաղեան «տագնապը պէտք է լուծուի միայն Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծին մէջ», Աննա Նաղդալեան շեշտեց. «Որքան ալ գայթակղիչ ըլլայ, բայց լեզուակռիւով չէ, որ պիտի լուծուի տագնապը: Մենք տակաւին կը սպասենք համարժէք պատասխանի մեր այն մօտեցումին, որ հանգուցալուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ երեք ժողովուրդներուն համար»:

Աննա Նաղդալեանը վստահեցուց` Հայաստանի եւ Արցախի դիրքորոշումներուն մէջ հակասութիւններ չկան տագնապի լուծման  հարցով:  «Մենք կը համագործակցինք արցախցի գործընկերներուն հետ եւ կը քննարկենք բոլոր հարցերը», ընդգծեց ան:

 

 

Նախորդը

Օթթաուայի Մէջ Հիմնուեցաւ «Քանատայի Խորհրդարանի Արցախի Ժողովուրդի Բարեկամներ» Խմբակցութիւնը

Յաջորդը

Զոհրապ Մնացականեան. «Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովը Հայաստանի Մէջ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.