Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրի Քիսըս Աֆ Տը Քոպրա» (Three Kisses Of The Cobra)

Մարտ 21, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

«Թրի քիսըս աֆ տը քոպրա» գիրքն է մեր ձեռքին:

Նայիրի Պանդուխտեան կ՛ապրէր Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ եւ կ՛աշխատէր դրամատան մը մէջ: Օր մը նամակ մը կը ստանայ Սինկափուրէն: Նամակը գրուած էր Սինկափուրի հայկական եկեղեցւոյ հոգատարին կողմէ, որ հայ չէր: Երբ Նայիրին պահարանին վրայի հասցէն կը կարդայ, կը զարմանայ, որովհետեւ ինք տուեալ վայրին մէջ մէկը չունէր:

Նամակը Ֆլորային մասին էր, որ կ՛ապրէր Չինաստանի Մաքաու քաղաքին մէջ, Հոնկ Քոնկի մօտակայքը: Ֆլորա կը հաւատար, որ ինք հարազատներ ունէր Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ: Ան տարիքով բաւական յառաջացած էր, եւ այդ պատճառով ճամբորդելը դժուար էր իրեն համար: Կ՛ուզէր իր ժառանգը հարազատի մը փոխանցել: Այդ ժառանգը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` Ֆլորայի մեծ-մեծ հօրը կեանքի արկածախնդրութիւնները:

Նայիրի մեծ անակնկալի մը դիմաց կը գտնուի: Հեռաւոր արեւելքի մէջ հարազա՞տ:

Սինկափուրի մէջ կը գտնուէր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որ 19-րդ դարուն կառուցուած էր: Սինկափուրի մէջ գոյութիւն ունէր հայկական գաղութ մը, որ ընդհանրապէս կը բաղկանար վաճառականներէ, որոնք եկած եւ հաստատուած էին հոն տարբեր պատճառներով: Անոնցմէ կարելի է յիշել Սարգիս եղբայրները, որոնք կառուցած էին «Ռաֆլս» պանդոկները: Բայց Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք գաղութը նօսրացած էր:

Նայիրիին ծնողքը մահացած էին: Ան ուսումը ստացած էր արտասահման եւ աշխատած էր եւրոպական երկիրի մը մէջ: Սակայն Լիբանանի կարօտը եւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդին ջերմութիւնը պատճառ եղած էին, որ վերադառնայ Լիբանան:

Նայիրիին մեծ հայրերը եւ մայրերը օսմանեան ջարդերուն պատճառով եկած ու հաստատուած էին Լիբանան: Մօրը ծնողները ատանացի էին, իսկ հայրը` Կեսարիայէն: Սակայն Նայիրին կը յիշէր, որ իր մեծ հայրը կ՛ըսէր, թէ իրենք բնիկ  կարնեցի էին: Ուրեմն Ֆլորան Նայիրիին հօրը հարազատն էր: Այս երկուքը ունէին ուրիշ հարազատ մը Օլիվիա անունով, որ կ՛ապրէր Աւստրալիա: Ֆլորան եղած էր ընթերցասէր անձ մը:  Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` ան միշտ հետաքրքրուած էր իր շուրջի անցուդարձերով:

Նամակը ստանալէն երկու ամիս ետք ան կը մեկնի Մաքաու` գտնելու համար իր հարազատը: Հետեւելով հասցէին` կը հասնի Ֆլորային տունը եւ մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորուի իր հարազատին կողմէ: Ֆլորային սեւ ու մութ աչքերը ապացոյց մըն էին, որ ան հայ է:

Ֆլորային միակ եղբայրը մահացած էր ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով: Ֆլորային ժառանգը իր մեծ-մեծ հօր`  Վարդանի յուշերն էին: Ֆլորային փափաքն էր յանձնել զանոնք վստահելի մէկու մը, որպէսզի չկորսուէին: Ֆլորան այս բոլոր տեղեկութիւնները ստացած էր իր հօրմէն:

Վարդան կը սկսի իր պատմութիւնը` յիշելով, որ իրենք պատմական Հայաստանի Կարին քաղաքէն էին: Վարդանին ծնունդը կը զուգադիպի Վարդանանց տօնին, այդ պատճառով զայն կը կոչեն Աւարայրի հերոսին անունով: Վարդան իր կեանքի յուշերը գրած է 1858-ին: Ունեցած է տղաք, որոնք իր մահէն ետք ձգած են Սինկափուրը եւ ապրած` ուրիշ երկիրներ:

Վարդանին հայրը վաճառականութեամբ զբաղած է,  սակայն հիւանդութեան մը պատճառով կը մահանայ: Գրիգոր հօրեղբայրը Պարսկաստանէն կու գայ, որպէսզի եղբօրը կինը եւ զաւակը իրեն հետ տանի. սակայն մայրը կը մերժէ եւ չ՛ուզեր մեկնիլ իր ամուսնոյն տունէն: Ան տղուն փափաքը կը յայտնէ, որ կ՛ուզէ ուսումը շարունակել Ս. Կարապետ վանքին մէջ: Հօրեղբայրը սիրով կ՛ընդունի առաջարկը, եւ ան կ՛երթայ ուսումը շարունակելու: Վարդան քանի մը տարի ուսում կը ստանայ վանքին մէջ: Սակայն մօրը հիւանդութիւնը եւ մահը պատճառ կը դառնան, որ ան ուսումը կիսատ ձգէ: Մայրը հիւանդ էր եւ անոր փափաքն էր տեսնել Վարդանը. սակայն տղան մինչեւ տուն վերադառնայ, արդէն իսկ մայրը կը մահանայ:

Գրիգոր հօրեղբայրը Նոր Ջուղայէն կու գայ Վարդանին մօտ, որ նախքան հօրեղբօրը վերադարձը` արդէն կ՛որոշէ երթալ հօրեղբօրը հետ Նոր Ջուղա եւ հոն կեանքի նոր էջ մը բանալ: Գրիգոր ամուսնացած էր Խաթուն անունով աղջկան մը հետ եւ ունէր երկու դուստր:

Վարդան հօրեղբօրը նման կ՛ուզէր վաճառական դառնալ: Ան երեք տարի կ՛ուսանի վաճառականութիւն: Առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէ դէպի Հնդկաստան` հօրեղբօր եւ այլ հայ վաճառականներու հետ, որոնք իրենց իմաստութեամբ եւ պարկեշտութեամբ որոշ դիրքերու հասած էին:

Վարդանը կեանքին ընթացքին բաւական դժուարութիւններ ունեցած է: Նոր Ջուղայի մէջ կ՛ամուսնանայ Անուշ անունով աղջկան մը հետ եւ կ՛ունենայ դուստր մը, զոր Մարիամ կը կոչեն:  Հիւանդութիւն  մը պատճառ կը դառնայ, որ ան կորսնցնէ իր կինը եւ զաւակը, ապա` հօրեղբօրը կինը, աղջիկները եւ վերջը` հօրեղբայրը:

Այս դաժան դէպքերէն ետք ան կը ձգէ Պարսկաստանը եւ կ՛երթայ ու կը հաստատուի Ծայրագոյն Արեւելք, ուր արդէն բաւական բարեկամներ ունէր իր կատարած ճամբորդութիւններուն պատճառով: Հնդկաստանի մէջ ունէր Լեսլի անունով բարեկամ մը, որուն հետ բարեկամութիւնը սերտ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը: Երկար տարիներ կ՛ապրի տարբեր քաղաքներու մէջ եւ կը դառնայ ճանչցուած ու սիրուած անձ մը:

Ան երկրորդ անգամ կ՛ամուսնանայ Վիոլեթ անունով հայ աղջկան մը հետ, որուն հայրն ալ վաճառական մըն էր: Անոնք կը ձգեն Հնդկաստանը եւ 1829-ին կը հաստատուին Սինկափուր: Վարդանը առաջին հայերէն է, որ  հաստատուած է Սինկափուր: Կ՛ունենան չորս մանչ զաւակ, որոնք կը մկրտուին հայ քահանայի մը կողմէ, կ՛երթան հայկական դպրոց, որ կառուցուած էր հայ վաճառականներու կողմէ:

Հակառակ անոր որ Վարդանը ուրախ էր Սինկափուրի մէջ, բայց հայրենի կարօտը ունէր սրտին մէջ: Ան կը մեռնի իր սիրելի Կարինէն շատ հեռաւոր վայրի մը մէջ:

«Թրի քիսըս աֆ տը քոպրա»-ն հետաքրքրական վէպ մըն է, ուր հեղինակը` Ծ. Թ. Պալեան մեզի կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին կեանքը` հեռու իր հայրենիքէն: Հայեր, որոնք օտար ափերուն պահած են իրենց լեզուն, հաւատքը: Գիրքը գրուած է հասկնալի անգլերէն լեզուով եւ  լեցուն է արկածախնդրութիւններով: Այս վէպով կարելի է ծանօթանալ հայկական գաղութի մը, որ բաւական հեռու է Հայաստանէն:

Ծ. Թ. Պալեանը եղած է դասախօս տարբեր համալսարաններու մէջ: Ան բաւական ճամբորդութիւններ կատարած է, մանաւանդ դէպի Ծայրագոյն Արեւելք:

Ներկայիս կ՛աշխատի իր երկրորդ վէպին վրայ:

«Թրի քիսըս աֆ տը քոպրա» գիրքը թելադրելի է երկրորդական դասարանի աշակերտներու, ինչպէս նաեւ` բոլորին, մինչեւ` 100 տարեկան ծերերու:

 

Նախորդը

ՄԱՀԱԵ Միութիւն. Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?