
Իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Կատի Այզընքոթ երէկ յայտարարեց, որ Հըզպալլա կը ծրագրէ 5 կամ 6 հազար զինուորներով Գալիլիա ներխուժել եւ շրջանը իր հակակշիռին տակ առնել:
Այզընքոթ ընդգծեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական գաղտնի միտումներ ունի Իսրայէլի դէմ ընդհարումի ճակատ բանալու: