Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀՅԴ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԴԱՐ ՌՈՒՍԻԱ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

December 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Արդար Ռուսիա կուսակցութեան համագումարը, որ հրաւիրուած էր Ռուսիոյ նախագահին թեկնածու առաջադրելու օրակարգով:

Արդար Ռուսիա նախ ամփոփեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, որուն համաձայն` կուսակցութիւնը գրեթէ կրկնապատկած էր իր ցուցանիշը` 13.2 առ հարիւրով գրաւելով երրորդ դիրքը` ապահովելով 64 աթոռ: Հարկ է նշել, որ Ռուսիոյ Տումայի ընտրութիւններուն Արդար Ռուսիա ցուցակին մէջ ընդգրկուած էին ամէնէն շատ թիւով հայեր: Անոնցմէ ընտրուած է Յովհաննէս Օհանեան, որ վար պիտի դնէ Դաշնակցային խորհուրդի անդամի իր լիազօրութիւնները եւ խորհրդարանական գործունէութիւնը պիտի շարունակէ Տումայի կազմին մէջ: Ան Տումայի այս նստաշրջանին միակ հայը կը հանդիսանայ:

Յաջորդ տարի մարտին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար համագումարը առաջարկած է կուսակցութեան նախագահ Սերկէյ Միրոնովի թեկնածութիւնը: Իր ծրագրային ելոյթին մէջ ան յայտարարեց, որ զարգանալու համար Ռուսիա պէտք է այլընտրանքի, իսկ քաղաքացիները` իրական ընտրութեան կարելիութիւն ունենան:

Համագումարին հիւրի կարգավիճակով մասնակցեցաւ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կուսակցութեան ղեկավարութեան եւ համագումարի պատգամաւորներուն յղած է ողջոյնի ուղերձ մը, ուր կ՛ըսուի, թէ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան դիրքերու ամրապնդումը կը նպաստէ Ռուսիոյ մէջ քաղաքական համակարգի զարգացման եւ համապատասխանաբար ռուսական հասարակութեան հրատապ խնդիրներու լուծման: Ատիկա նաեւ դրական ազդեցութիւն կը ձգէ ԱՊՀ տարածքին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական սկզբունքներու ամրագրման վրայ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը վստահ է, որ հետագային եւս Դաշնակցութեան եւ Արդար Ռուսիա կուսակցութեան յարաբերութիւնները երկկողմանի միջկուսակցական մակարդակին վրայ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ծիրին մէջ պիտի նպաստեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու եւ միջազգային ընկերվարական շարժման զարգացման:

 

 

Նախորդը

ՉԻՉԵՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՀԱՐՑՈՎ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ

Յաջորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԺԻՒՓԷԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԸ ԽՆԴՐԷ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Հայկական Երկաթուղիի  Ռուսական Կառավարումը  Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ
Հայկական

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։