Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՉԻՉԵՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՀԱՐՑՈՎ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ

December 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճեմիլ Չիչեք

Թրքական «Հապերլեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք ֆրանսացի իր գործընկերոջ` Պեռնար Աքուայէի յղած է նամակ մը` որուն մէջ փոխանցած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ յայտնուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը:

Չիչեքի նամակին մէջ նշուած է, որ յիշեալ օրինագիծի որդեգրումը պիտի վնասէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն: «Անհրաժեշտ է, որ այս խնդիրը ձգենք պատմաբաններուն եւ հետազօտողներուն», ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը:

Թուրքիա Ֆրանսայի խորհրդարանին զգուշութեան կոչ ուղղելով յայտնած է, որ «պատմական իրադարձութիւնները խորհրդարաններուն կողմէ չեն գրուիր»:

Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «խորհրդարաններու պարտականութիւնը պատմական իրադարձութիւնները քննարկելն ու անոնց հիման վրայ պատիժ սահմանող որոշումներ կայացնելը չէ»:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ ֆրանսացի երեսփոխանները պատմութեան հարցերը ձգեն պատմաբաններուն, որովհետեւ համայնքային հարցերը պէտք չէ պատճառ դառնան թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու վատթարացման:

Օրեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած էր. «Այն շրջանին, երբ Թուրքիա-Ֆրանսա համագործակցութեան կարելիութիւնները կրնան զարգացման կայուն փուլ մտնել, նման նախաձեռնութիւնները բացասաբար պիտի անդրադառնան ընթացքին: Հետեւանքներուն համար պատասխանատուութիւն պիտի կրէ այդ ամէնը նախաձեռնող կողմը:

«Ֆրանսայէն մեր ակնկալիքը այն է, որ անիկա աջակցութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պատմութեան հետ կապուած անհարթութիւնը երկխօսութեան միջոցով կարգաւորելուն»:

ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԺԱՄԿԷՏԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

Ֆրանսայի խորհրդարանը

Մինչեւ այս տարեվերջ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկումի պիտի դրուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Ըստ լրագրող Ժան Էքեանի, Ֆրանսայի խորհրդարանը 22 դեկտեմբերին պիտի քննարկէ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին նոր օրինագիծը, իսկ այդ օրը Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները խորհրդարանի շէնքին առջեւ ցոյց պիտի կատարեն:

Ֆրանսայի խորհրդարանի իրաւական հարցերով յանձնախումբը օրեր առաջ որդեգրած էր վերոնշեալ օրինագիծը: «Յոյսով եմ, որ մենք մինչեւ վերջ պիտի երթանք, եւ Ֆրանսան պիտի ըլլայ մարդկային իրաւանց երկիր», ըսած էր օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պոյեր:

Ըստ նոր օրինագիծին, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրօ տուգանքի պիտի ենթարկուին:

16 հոկտեմբեր 2006-ին Ֆրանսայի խորհրդարանը որդեգրած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այլ օրինագիծ մը, սակայն այդ օրէնքը կեանքի կոչուելու համար պէտք էր ծերակոյտին կողմէ հաստատուէր: Ֆրանսայի ծերակոյտը մայիս 2011-ին 196 դէմ եւ 74 թեր քուէներով մերժեց այդ օրինագիծը:

 

Նախորդը

«ՌՈՒՍԻԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԱՐԴԱՐԱՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԻՐՄԷ ԿԱԽԵԱԼ ԱՄԷՆ ԲԱՆ Կ՛ԸՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՏՈՐՈԽԻՆ

Յաջորդը

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀՅԴ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԴԱՐ ՌՈՒՍԻԱ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Հայկական Երկաթուղիի  Ռուսական Կառավարումը  Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ
Հայկական

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։