Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ֆապիօ Քանաւարօ նշանակուեցաւ Չինաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց «Ֆութպոլ-Իտալիա»-ն:
45 տարեկան Քանաւարօ նաեւ պիտի շարունակէ մնալ չինական Կուանկժու Էվըրկրանտի մարզիչ:
Չինաստան անոր հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 21 մարտին, Թայլանտի դէմ:
Նշենք, որ Չինաստանի կազմը, նախորդ յունուարէն ի վեր առանց մարզիչի էր` իտալացի Մարչելլօ Լիփփիի հեռանալէն ետք: