27 մրցում անպարտելի մնալէ ետք, երէկ` կիրակի, 17 մարտին, Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Եուվենթուս կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 28-րդ հանգրուանին, 2-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ 13-րդ դիրքը գրաւող Ճենովայի դաշտէն: Յաղթական կազմը իր կոլերը նշանակեց 72-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն: