Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 16 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Շեպիպեթ Նահտա Շուէյֆաթի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօրուան մրցումին յաղթանակ մը արձանագրել:
 
			

