15-17 մարտին Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ կրտսերներու աթլեթիզմի երրորդ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Հոնկ Քոնկ:
Պատուիրակութեան նախագահն է Ուասիմ Հաուլի, մարզիչը` Ալիս Քէյրուզ, իսկ մարզիկներն են` Ուաժիհ Թայեար, Ֆարահ Թայեար, Մէյսա Մուաուատ, Հիպա Քըպրըսլի, Լէա Տիպ եւ Զուէյ Տաղեր:
Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցի նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ:
 
			


