Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտականի երկրորդ ճակատումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ վաղը` կիրակի, 17 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի գործող ախոյեանը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, առաջին մրցումին տպաւորիչ ելոյթով մը յաղթանակ արձանագրեց:
Կ՛ակնկալուի, որ վաղը եւս ՀՄԸՄ-ի աղջիկները յաղթանակ արձանագրեն, իսկ խումբին համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Մանարայի դաշտը եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:


